Թուրքիա-Իսլամական Պետութիւն գործակցութեան մասին ապացոյց մը եւս


Պառնի Կիթըն ամերիկեան «Նիուզուիք» պարբերաթերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ ԻՊ (ISIS – Իսլամական Պետութիւն – ԻՊ/// նախկին անդամ մը բացայայտած է թէ ինչպէս թրքական բանակը ահաբեկչական զինեալ խմբաւորման կ՚արտօնէ թրքական հողամասէն անցնելով քրտական ուժերուն դէմ կռուող Իսլամական պետութեան ուժերը ամրապնդելու։ 

«Շերքօ Օմեր» ծածկանունով ԻՊ-ի նախկին անդամը պարբերաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ ինք զինեալ խումբի մը հետ Ռաքքայէն թրքական հողամասերու ճամբով մեկնած է Հիւսիսային Սուրիոյ մէջ Սերեքանիյէ՝ սուրիացի քիւրտերու դէմ յարձակում գործելու համար։ Իրենց հրամանատարները բազմաթիւ անգամ իրենց կ՚ըսէին, որ «Թուրքիոյ հետ ամբողջական համագործակցութեան մէջ են»։

«ԻՊ-ի հրամանատարները մեզի կ՚ըսէին, որ չվախնանք, որովհետեւ Թուրքիոյ հետ ամբողջական համագործակցութեան մէջ են եւ աջակցութիւն կը ստանան Անգարայէն», նշած է Օմեր։

Օմեր իրաքեան քիւրտիստանի մէջ յաջող գործարարի մը զաւակն է։ Ան Սուրիա մեկնած է մաս կազմելու համար Սուրիական ազատ բանակին, սակայն ինքզինք գտած է ԻՊ-ի շարքերուն մէջ եւ անկարող եղած է հեռանալու։ Անոր վստահուած է հաղորդակցութեանց: Ան կը նշէ, որ իր հրամանատարը յաճախ հաղորդակցութեան սարքով թրքերէն կը խօսէր։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.