Կիպրոսի Եւ Հայ Ժողովուրդները Փորձութիւնները Դիմագրաւած Են Համամարդկային Արժէքներու Շնորհիւ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 19 Նոյեմբերին ընդունած է Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահ Եաննաքիս Օմերուն:
Սերժ Սարգսեան ողջունած է բարեկամ Կիպրոսէն ժամանած բարձրաստիճան հիւրն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ նշելով, որ այցելութիւնը լաւ առիթ է հանգամանօրէն քննարկելու հայ-կիպրական օրակարգի հարցերը, նախանշելու համագործակցութեան հետագայ ծրագիրները:
Հանրապետութեան նախագահը եւ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահը երկուստեք ընդգծած են, որ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդները դարերու խորերէն եկող բարեկամական յարաբերութիւններ ունին, պատմութեան ընթացքին անցած են բազում փորձութիւններէ եւ այսօր ալ, որպէս անկախ պետութիւններ, կը շարունակեն ամրապնդել միջպետական յարաբերութիւններն ու խորացնել համագործակցութիւնը:
Եաննաքիս Օմերուի համաձայն՝ երկու ժողովուրդներն ալ մնայուն կերպով հիմնուած են ու կը հիմնուին համամարդկային արժէքներու եւ սկզբունքներու վրայ, նաեւ ասոնց շնորհիւ է, որ կրցած են դիմագրաւել բոլոր փորձութիւնները:
Ան ընդգծած է, որ ինք կը գտնուի եղբայրական եւ ոչ թէ օտար երկիրի մէջ, ուր իր գլխաւորած պատուիրակութիւնը արժանացած է ջերմ ընդունելութեան:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են այն մասին, որ պատմական ամուր հիմքի եւ փոխադարձ յարգանքի վրայ ձեւաւորուած հայ-կիպրական յարաբերութիւնները զարգացման մեծ ներուժ ունին: Սերժ Սարգսեանը եւ Եաննաքիս Օմերուն կարեւոր նկատած են երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական երկխօսութեան աշխուժացումը, միջխորհրդարանական կապերու առաւել սերտացումն ու փոխգործակցութիւնը՝ միջազգային կառոյցներու ծիրին մէջ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է Կիպրոսի իշխանութիւններուն ու ժողովուրդին՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին պետութիւններէն ըլլալուն եւ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայ ժողովուրդի մէկ հատուածին օգնութեան ձեռք մեկնելուն եւ ապաստան տրամադրելուն, ապրելու ու արարելու հնարաւորութիւն ընձեռելուն համար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.