Թուրքիա Հայ Մարզիկներուն Կ՛արգիլէ Արցախ Այցելել


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Սապահ» թերթին մէջ Սաֆուրէ Ճանթիւրք Անգարայէն կը հաղորդէ, որ Հայաստանի յառաջիկայ տարուան ուսանողական ողիմպիականներուն մասնակցելու նպատակով Թուրքիայէն գացող մարզիկներուն պիտի չարտօնուի մասնակցիլ Արցախի մէջ կայանալիք խաղերուն։
Ըստ լրատուութեան՝ Թուրքիոյ կրթական նախարարութիւնը «գաղտնի» հաղորդագրութիւն մը ղրկած է 81 նահանգային կրթական տնօրէնութիւններու եւ ըսած է, թէ որեւէ արգելք չկայ, որ թուրքեր եւս մասնակցին Հայաստանի մէջ կազմակերպուած մշակութային ձեռնարկներուն եւ մարզական խաղերուն, սակայն 2015ին հայկական ողիմպիականներուն համար Երեւան երթալու կոչուած թրքական խումբերը պէտք է մերժեն երթալ Ղարաբաղ եւ մասնակցիլ հոն կատարուելիք մրցումներուն։
Հայաստանի ողիմպիականներուն պիտի մասնակցին Պոլսոյ հայկական վարժարաններէ երեք տարբեր խումբեր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.