Թուրքիան արտասահմանի մէջ ստեղծած է 5000 կազմակերպութիւն իր լոպպին զօրացնելու համար


Թուրքիան նոր քայլերու սկսած է դիմել` արտասահմանի մէջ իր լոպպիական գործունէութիւնը զօրացնելու համար: «Թրքական կառավարութիւնը արագացուցած է հայկական ու հրէական սփիւռքին պէս հզօր թրքական լոպպի ձևաւորելու ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները»,- կը տեղեկացնէ թրքական «Փուսուլ հապեր» լրատուական կայքը:

Թրքական կառավարութիւնը յատուկ առաքելութեամբ արտասահմանի թրքական համայնքները սկսած է կազմակերպել, համայնքներուն մէջ հիմնելով միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ: Վերոնշեալ կազմակերպութիւններուն ֆինանսական աջակցութիւն պիտի ապահովեն թրքական իշխանութիւնները: Մինչև օրս արտասահմանի մէջ արդէն ստեղծուած է  5000 թրքական հասարակական կազմակերպութիւն, որոնց մէջ ընդգրկուած են թրքական արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնեաներ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.