Սուլթան Համիտի ժառանգները Մուսուլի եւ Քերքուքի հողերը կը պահանջեն


«Թըրքիշ Տէյլի Նիւզ» կը հաղորդէ որ այս օրերուն մէջտեղ ելած են 32 անձեր, որոնք իրենք զիրենք Օսմանեան կայսրութեան Ապտիւլ Համիտ Բ. Սուլթանի ժառանգորդ ներկայացուցած են եւ դիմում կատարած են Սուլթանին ժառանգութեան տիրանալու համար։ Կ՚ըսուի որ դիմողներէն 11ը հաւանաբար ճշմարտութիւնը կը խօսին եւ այս իրողութիւնը կրնայ ճամբայ բանալ սուլթանին ժառանգութեան վերատիրանալու հարցին։ Ժառանգորդներու կողմէ կրնան պահանջուիլ Իսթանպուլի մէջ կարգ մը պալատներ եւ հրապարակներ, ինչպէս նաեւ Մուսուլի ու Քէրքիւքի մէջ քարիւղի դաշտեր։

Վերոյիշեալ 32 անձերը հինգ տարի առաջ դատ բացած էին, պահանջելով իրենց ժառանգութիւնը։ Հարցը փոխանցուած է երեք անդամներէ (պատմաբան մը, իրաւագէտ մը եւ օսմաներէնի թարգմանիչ մը) բաղկացեալ խումբի մը, որ պատրաստած էր իր նախնական տեղեկագիրը, ըստ որուն, դիմումնագիրներէն 11ը սուլթանի հաւանական ժառանգորդ կը նկատուին։

1924ին որդեգրուած օրէնք մը կ՚արգիլէ պահանջել սուլթանին կալուածները, որովհետեւ անոնք կը պատկանին պետութեան, սակայն փաստաբանները կը նշեն որ Ապտիւլհամիտ Բ. 1924ին սուլթան չէր եւ մահացած է 1918ին։ Իսթանպուլի մէջ պահանջուած կալուածներէն են Քապաթաշի հրապարակը, Տոլմապահչէի մէջ պուրակ մը եւ Վոսփորի մէջ Կալաթասարայ կղզին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.