Ատրպէյճանի Դեսպանէն Թանկարժէք Նուէր՝ Օպամային


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է անցեալ տարուան ընթացքին, օտար երկիրներու պաշտօնեաներէ եւ ղեկավարներէ նախագահ Պարաք Օպամայի ստացած նուէրներու ցանկը. անոնց շարքին, արժէքով երրորդ տեղը կը գրաւէ Ատրպէյճանի դեսպան Էլին Սուլէյմանովի յանձնած նուէրը:
Ըստ «Էյ.Փի.» լրատուական գործակալութեան՝ առաջին տեղը գրաւած է Պրունէյի թագաժառանգին 71,468 տոլարնոց նուէրը, իսկ երկրորդ տեղը՝ Քաթարի դեսպանին 10,400 տոլարնոց արձանը:
Սուլէյմանովին նուիրած կարմիր, սպիտակ եւ կապոյտ նախշերով գորգին արժէքը կը գնահատուի 6500 տոլարով:
Ամերիկեան օրէնքներուն համաձայն՝ նախագահին տրուած նուէրները կը յանձնուին այդ նպատակով ստեղծուած յատուկ հիմնադրամին:
Գործակալութիւնը կը նշէ, որ 2013ին, Սուլէյմանով նաեւ առաջին տիկնոջ՝ Միշել Օպամային, 435 տոլար արժողութեամբ կարմիր գլխաշոր մը նուիրած է, արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիին՝ 760 տոլար արժող գորգ մը, իսկ Պաքուի մօտ Ամերիկայի դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթարին՝ 625 տոլար արժող գորգ մը:
Նաեւ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախկին նախարար Սաֆար Ապիեւ Ուաշինկթընի իր գործընկեր Չաք Հէյկըլին 600 տոլար արժող գինիներու հաւաքածոյ մը նուիրած է: Բացի նուէրներէն, ատրպէյճանցի պաշտօնատարները վճարած են շարք մը ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու թռիչքներու տոմսերուն գիները:
Ուշագրաւ է, որ այդ փաստաթուղթը հրապարակուած է Նոյեմբեր 12ի երեկոյեան, «Ատրպէյճանի բնութեան գեղեցկութեան տօն» անուանով ընթրիքէն միայն քանի մը ժամ առաջ։ Ընթրիքը կազմակերպած էր դեսպան Սուլէյմանով, Ատրպէյճանի փոխադրական հարցերու նախարարի զաւակին՝ Անար Մամետովի հետ միասին։ Այս վերջինը նաեւ Ատրպէյճան-Ամերիկա դաշինքի ղեկավարն է։ Ընթրիքին հրաւիրուած էին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն, Քոնկրեսէն, դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններէ եւ վերլուծական կեդրոններէ տասնեակ ներկայացուցիչներ: Ընթրիքին համար ծախսուած է առնուազն 2 միլիոն տոլար:
Նշենք, որ Մամետով 2013ին, ամերիկացի պաշտօնատարներու հետ շփումներ ստեղծելու նպատակով, «Ֆապիանի» լոպիական խմբակին վճարած էր 5 միլիոն տոլար:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.