Ատրպէյճան Ոչ Թռիչքային Գօտի Յայտարարած Է Լեռնային Ղարաբաղի Օդային Տարածքը


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը Նոյեմբեր 12ին հայկական ուղղաթիռի կործանման կապակցութեամբ յայտարարութիւն մը հրապարակած է, ուր ոչ թռիչքային գօտի հռչակած է «օկուպացուած տարածքների օդային տարածութիւնը եւ ըստ սահմանուած կարգի այդ մասին տեղեակ է պահել Քաղաքացիական ավիացիայի միջազգային կազմակերպութեան անդամներին»:

Ատրպէյճանական APA գործակալութեան փողանցած տեղեկութեան համաձայն, Ատրպէյճանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը նաեւ յայտարարած է, որ միջադէպի պատասխանատուութիւնը կը կրէ հայկական կողմը:

«Լարուածութեան աճի հիմնական պատճառն այն է, որ Հայաստանի զինուած ուժերը գտնըւում են Ադրբեջանի օկուպացուած տարածքներում: Այդ իսկ պատճառով, ինչպէս բազմիցս յայտարարուել է Ադրբեջանի կողմից, իրադրութեան լարվածութեան պատասխանատուութիւնը ամբողջովին Հայաստանի վրայ է», յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին գործերու նախարարութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.