Հայերէն Առցանց Բացատրական Եւ Թարգմանական Բառարան՝ 10 Լեզուներով


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ արդէն առկայ է հայոց լեզուի (արեւելահայերէն, արեւմտահայերէն, գրաբար) բացատրական եւ թարգմանական 10 օտար՝ անգլերէնով, ռուսերէնով, թրքերէնով, ֆրանսերէնով, գերմաներէնով, թալիշերէնով, լեզգիերէնով, լատիներէնով, քրտերէնով առցանց բառարան, որ համացանցին վրայ հասանելի է www.translator.am հասցէով: 7 Նոյեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է նախաձեռնութեան հեղինակ, «ԻՍՄԱ» ընկերութեան տնօրէն, ՀՊՃՀի փրոֆեսէօր Էդիկ Մանուկեանը:
Այս բառարանը ներկայ դրութեամբ ամէնէն ծաւալունն է եւ ստեղծողները կը կարծեն, թէ կրնայ էական ազդեցութիւն ունենալ հայոց լեզուի պահպանման եւ զարգացման վրայ:
«Այս տարբեր միգրացիոն երեւոյթների առկայութեան պարագայում մայրենին պահպանելը շատ կարեւոր է, այս պատճառով կարծում եմ, որ բառարանը մեծ դեր կ՛ունենայ հենց մայրենիի պահպանման գործում», յայտնած է Լեզուի պետական տեսչութեան պետ Սերգէյ Երիցեանը:
Նշենք, որ բառարանի որակին պիտի վերահսկէ Լեզուի պետական տեսչութիւնը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.