«Թուրքիա Ուղղակիօրէն Միջամուխ Է Սուրիական Հարցին: Անոր Միջամտութիւնը Ուղղակի, Է Զինուորական Եւ Այլ Միջոցներով» Կ՚ըսէ քաղաագէտ Լէյլա Ռահպանի


 

Լիբանանի Զաւարեան Ուսանողական Միութեան մամլոյ ներկայացուցիչը վերջերս հարցազրոյց մը ունեցաւ քաղաքագէտ դոկտ. Լէյլա Ռահպանիին հետ` Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն եւ Թուրքիոյ միջամտութեան թեմայով: Քաղաքական գիտութեանց դոկտոր Լէյլա Ռահպանի կը դասաւանդէ Լիբանանեան համալսարանին մէջ եւ հեղինակ է շարք մը քաղաքական գիրքերու:

 

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ըստ ձեզի, ո՞ր տուեալները երեք տարի առաջ սկիզբ դրին սուրիական պատերազմին, եւ ո՞ր երեւոյթները զայն դարձուցին անկառավարելի:

ԼԷՅԼԱ ՌԱՀՊԱՆԻ.- Կը կարծեմ, որ միջազգային միջամտութիւններն են, որոնք Սուրիոյ իրավիճակը այստեղ հասցուցին: Այո,՛ յեղափոխութիւն էր. այո՛, արժանապատուութեան համար էր, հացի, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան համար էր պատերազմը. սակայն Սէուտական Արաբիոյ, Թուրքիոյ եւ արաբական աշխարհի միջամտութիւնները, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ արեւմտեան երկիրներու թիկունք կանգնիլը` հակաիշխանականներուն, բարդացուց պատերազմը` զայն դարձնելով անկառավարելի:

 

Հ.- Ի՞նչ են պատճառները Թուրքիոյ ուղղակի եւ անուղղակի միջամտութեան` սուրիական հարցին մէջ:

Լ. Ռ.– Թուրքիա ուղղակիօրէն միջամուխ է սուրիական հարցին: Շատ յստակ է, որ անոր միջամտութիւնը ուղղակի է իր զինուորական եւ այլ միջոցներով: Այս մէկը փոխանորդութեան (փրոքսի) պատերազմ մըն է, յատկապէս` թրքական փոխանորդական պատերազմ մը: Այս մէկը միայն Սուրիոյ պարագային չէ, որովհետեւ «Արաբական գարուն»-ին թափ տրուեցաւ, որպէսզի Իսլամ եղբայրակցութիւնը արաբական աշխարհին կառավարիչ խաւը ըլլայ: Երբ իսլամական եղբայրակցութիւն ըսենք, թրքական «Ի. Ե.» կը հասկնանք, այսինքն այդ արաբական աշխարհին սուլթանը` օսմանական ուրուագիծով:

 

Հ.- Էրտողանի ներկայ վարչակարգը Օսմանեան կայսրութեան վերակենդանացման տարբերակ մը կը համարէ՞ք:

Լ. Ռ.– Այո՛, Տաւութօղլու արդէն բազմաթիւ անգամներ հաստատած է այս մէկը, մանաւանդ երբ խօսած է Արաբիոյ Լորանսին* մասին, ուր Թուրքիա կը վերականգնէ իր ներկայութիւնն ու ազդեցութիւնը: Երբ մտիկ ընենք թուրքերուն յայտարարութիւնները, յստակ նշուած կը գտնենք իրենց փափաքները: Անոնք առանց ամչնալու եւ բացայայտօրէն կը խօսին իրենց նպատակներուն մասին:

 

Հ.-  Կը կարծէ՞ք, որ ինչ որ կը պատահի Սուրիոյ կողքին` Ուքրանիոյ մէջ, վերակենդանացումն է Պաղ պատերազմին` Ռուսիոյ եւ Ամերիկայի կամ արեւմտեան երկիրներուն միջեւ:

Լ. Ռ.– Չեմ կարծեր, որ միայն Սուրիոյ պարագան այսպէս է: Կարճ ժամանակի մը ընթացքին տեսանք, որ Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը Միջին Արեւելքին մէջ նուազած է:

Հիմնականին մէջ Օպամայի Միջին Արեւելքէն հեռանալու եւ նոր ռազմավարութեամբ մը Ծայրագոյն Արեւելք ուղղուելու յայտարարութենէն ետք կ՛արժէ պահ մը նայիլ, թէ ի՛նչ պատահած է Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ` նախքան Միացեալ Նահանգներուն հասնիլը:

Գիտենք, թէ բախումներ կան Պուրմայի մէջ, ժողովրդավարութիւն պահանջողներ` Հոնկ Քոնկի մէջ, Չինաստանի մէջ` փոքրամասնութիւններ, որոնք կ՛ապստամբին: Կը կարծեմ, որ հասած է ժամը, երբ Ամերիկեան կայսրութեան մէջ մտած է վախ մը, որ կը մղէ զինք հակազդելու Չինաստանի եւ Ռուսիոյ վերազօրացման եւ հզօրացման: Ներկայիս Չինաստանը զբաղած է իր աշխարհագրական միջավայրին մէջ, ինչպէս նաեւ` Ռուսիան, որ հսկայական տնտեսական եւ քաղաքական սպառնալիք եւ վտանգ կը հանդիսանայ համաշխարհային գետնի վրայ:

 

Հ.- Ձեր կարծիքով, ի՞նչ պատճառներով կազմուեցան ծայրայեղ իսլամական շարժումները Միջին Արեւելքի մէջ, եւ ի՞նչ կրնայ ըլլալ անոնց ազդեցութիւնը լիբանանեան քաղաքական եւ ընկերային ոլորտին մէջ:

Լ. Ռ.– Սէուտական Արաբիան եւ Թուրքիան հիմը դրին եւ բռնկեցուցին այս ծայրայեղ իսլամականներուն շարժումը:

Այս շարժումը սկսաւ 2003 թուականին, Իրաքի արշաւանքէն ետք, երբ շիի եւ սիւննի հակամարտութիւնը վերակենդանացաւ: Երբ անընդհատ վախ արթնցնես եւ ուղեղալուաց ընես համայնք մը` շիիներուն դէմ եւ ըսես, թէ ալեւի վարչակարգը կը հարստահարէ սիւննիները, կռիւի առիթներ կը ստեղծես: Երբեմն հասարակութենէ մը կրնաս պահանջել, որ կռուի ազատութեան, ժողովրդավարութեան կամ հացի համար, սակայն կրօնն է, որ կը մղէ մէկը` անձնասպանական գործողութիւն  կատարելու: Մարդիկ անձնասպան չեն ըլլար ժողովրդավարութեան համար, ոչ ալ ազատութեան կամ ապրուստի, այլ միայն` կրօնի եւ Աստուծոյ համար:

Այն, ինչ կը վերաբերի Լիբանանին, այս վերջինը անմիջականօրէն կապուած է սուրիական հարցին եւ պատերազմին: Այնքան ատեն որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն չի տիրեր, Լիբանանի մէջ նախագահական ընտրութիւն տեղի պիտի չունենայ, ոչ ալ տնտեսական վիճակը պիտի բարելաւուի: Սակայն մէկ բան յստակ է. Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմը պիտի չկրկնուի, ոչ թէ որովհետեւ հասունցած ենք կամ գիտակից` անոր հետեւանքներուն, այլ որովհետեւ ռազմական հաւասարակշռութիւն գոյութիւն չունի: Անոնք, որոնք կ՛ուզեն պատերազմիլ, պատերազմի միջոցները չունին, իսկ անոնք, որոնք միջոցները ունին, չեն ուզեր պատերազմիլ: Կը կարծեմ, թէ այս անհաւասարակշռութիւնն է, որ կը փրկէ Լիբանանը քաղաքացիական պատերազմէ:

 

*Laurence of Arabia: [Welsh (from wales)]   *Ակնարկութիւնը  Lawrence-ին, «Lawrence of Arabia»-ի մասին է, որ բրիտանացի գործակալ մըն էր եւ արաբները կը մղէր ապստամբելու Օսմանեան կայսրութեան դէմ Ա. Համաշխարհայինին ընթացքին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.