Ֆրեզնոյի Մէջ. Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Յուշարձանի Հիմնարկէքի Արարողութիւն


Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Ֆրեզնօ քաղաքին մէջ գտնուող Սան Խոաքին դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին հիմնարկէքի արարողութիւնը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին հաղորդուած է ամերիկեան «Էյ. Պի. Սի. 30» պատկերասփիւռի կայանէն:

Ֆրեզնոյի ճարտարապետներէն Փոլ Հալլաճեանի նախագծած յուշարձանը կը մարմնաւորէ հայ ժողովուրդին համար մշակութային նշանակութիւն ունեցող խորհրդանիշները: Պեթոնէ եւ տուֆէ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի նմանողութեամբ կառուցուող յուշարձանը բաղկացած պիտի ըլլայ ինը սիւներէ, որոնք կը խորհրդանշեն Հայաստանի 6 նահանգները, Կիլիկիան, սփիւռքը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանը պիտի օծուի 24 ապրիլ 2015-ին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.