Թուրքիոյ Ազգային Ապահովութեան Խորհուրդին Ամենաերկար Նիստը
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի նիստը, որ ընդհանրապէս ամէն ամսուան վերջին օրերուն կը գումարուի, Հոկտեմբեր 30ի նիստով արձանագրեց իր պատմութեան ամէնէն երկարատեւ նիստը՝ տասը ժամ ու քսան վայրկեան։ Պետութեան ամենաբարձր մակարդակին վրայ՝ հանրապետութեան նախագահով, վարչապետով, սպայակոյտի նախագահութեամբ ու ամբողջ դահլիճով ու մասնագէտներով կայացած այս կարեւոր ժողովին այսքա՛ն երկար տեւած ըլլալը արդէն ինքնին ցոյց կու տայ, թէ երկիրը որքա՛ն բարդ խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուի այս օրերուն։
Ժողովին հրատարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ինչպիսի՛ հարցեր օրակարգի եկան։ Հոն կը պնդուի, որ սպայակոյտը յստակ մտահոգութիւններ յայտնած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակացութեան կողմէ զինուորականներու վրայ կատարուած յարձակումներուն նկատմամբ եւ այս մարզէն ներս քննադատած է կառավարութեան քաղաքականութիւնը։
Բանակը անհանգիստ է նաեւ այն իրողութենէն, որ Իրաքի քիւրտ զինուորներուն արտօնուեցաւ Թուրքիոյ հողամասերէն անցնիլ Սուրիա։
Ժողովականները լայնօրէն քննած են Սուրիոյ ու Իրաքի վերջին զարգացումները, Իսրայէլի ու Պաղեստինի յարաբերութիւնները եւ այլ հարցեր։