Տիգրանակերտի Քաղաքապետը Երեւանի Մէջ Այցելեց Ցեղասպանութեան Թանգարան


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Առաջին անգամ ըլլալով Երեւան այցելած Տիգրանակերտի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիր իրականացուցած է իր տարիներու երազը՝ ըլլալ Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանին մէջ եւ այցելել Ցեղասպանութեան թանգարան:
Տիգրանակերտէն Հայաստան հասած պատուիրակութիւնը Երկուշաբթի օր այցելած է ձայնասփիւռի կայանի շէնք, ծանօթացած քրտերէն հաղորդումներու բաժինի աշխատանքին:
«Ամբողջ կեանքիս երազն էր՝ մինչեւ մահս այցելել Երեւանի ձայնասփիւռի կայան եւ Ցեղասպանութեան թանգարան: Ես այսօր կ՛իրականացնեմ իմ երազած ճամբորդութիւնս: Իբրեւ քիւրտ ժողովուրդի զաւակ՝ ես պարտաւոր էի ըլլալ այստեղ եւ բարեկամութեան ձեռք երկարել հայ ժողովուրդին: Երեւանի ձայնասփիւռի կայանը քրտերէն հաղորդում սփռած առաջին պետական ձայնասփիւռի կայանն է: Երբ սկսան հաղորդումները, քրտական մշակոյթն ու երաժշտութիւնը այլ տեղեր արգիլուած էին: Երեւանի ձայնասփիւռի կայանին ստեղծած կամուրջը կենսական աղբիւր էր քիւրտ ժողովուրդին համար: Եւ այսօր կարգը մերն է, կ՛ուզենք անցեալին տեղի ունեցած ողբերգութիւններու սպիները մեղմացնող քայլեր առնել: Այդ քայլերէն մէկը Տիգրանակերտի մէջ Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ վերանորոգումն էր, ապա նաեւ հայերէնի դասընթացքներու կազմակերպումը», ըսած է Տիգրանակերտի ազգութեամբ քիւրտ քաղաքապետը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.