Ստեփանակերտi մէջ սկսաւ ատրպէյճանցի լրտես-հետախոյզներու դատավարութիւնը
1385
0
Այսօր Ստեփանակերտի ԼՂՀ առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին մէջ, դատաւոր Անաթոլի Թադեւոսեանի նախագահութեամբ սկսաւ Շահումեանի շրջանին մէջ յուլիսին ձերբակալուած ատրպէյճանցի լրտես-հետախոյզներու դատավարութիւնը:
Դատական այս գործով մեղադրեալներն են Տիլհամ Ասկերովը եւ Շահպազ Կուլիեւը։ ԼՂՀ Քրէական օրէնսգիրքով անոնց դէմ առաջադրուած մեղադրանքներն են՝ լրտեսութիւնը, առանց պատշաճ թույլտուութեան ԼՂՀ պետական սահմանը հատելը, ապօրինի կերպով հրազէն և ռազմամթերք կրելը, մարդուն բացայայտ առևանգելը՝ կեանքի համար վտանգաւոր բռնութիւն գործադրելով, զէնքի գործադրմամբ, անչափահասի նկատմամբ կատարուած սպանութիւնը։