Փլաթինի Հիացած Է Հենրիխ Մխիթարեանով
- (0)

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստը մեծապէս տպաւորուած է Կալաթասարայի դէմ («Չեմփիընզ լիկ») մրցումին Մխիթարեանի ցուցադրած սքանչելի խաղով, որովհետեւ 25 տարեկան Մխիթարեան ունեցած է բացառիկ ելոյթ:
«Մխիթարեանը շատ խելացի, բացառիկ յատկութիւններու տէր եւ ազնիւ տղայ մըն է: Ան շատ լաւ դաստիարակուած է, ունի հիանալի ոգի եւ «Պունտըսլիկա»-ին լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկն է», Փլաթինիի խօսքերը կը մէջբերէ գերմանական մամուլը: