Գիւմրիի Մէջ Մայրը Ուզած Է 1000 Տոլարով Ծախել Նորածինը


ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Հայաստանի քննչական կոմիտէի Շիրակի մարզային քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ՝ երեխայի առուծախի դէպքին առիթով:
2014 թուականի 10 Հոկտեմբերին Գիւմրի քաղաքի բնակիչէ մը ոստիկանութեան Գիւմրի քաղաքի Կումայրիի բաժինին հեռաձայն մը կատարուած է՝ նշելով, որ դուստրը, յղի ըլլալով եւ միջոցներ չունենալով երեխան պահելու, պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած է Շիրակի մարզի այլ բնակիչի մը հետ, որ երեխային ծնունդէն ետք անոր յանձնէ երեխան՝ հազար տոլարի փոխարէն:
Մանուկը ծնած է 18 Սեպտեմբերին, եւ, ըստ համաձայնութեան, դուստրը նորածինը յանձնած է անոր, սակայն վերջինս խոստացուած գումարը չէ վճարած:
Նկատի ունենալով, որ հաղորդումը կը պարունակէ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքով նախատեսուած յանցագործութեան յատկանիշներ՝ Շիրակի մարզային քննչական վարչութեան մէջ 20 Հոկտեմբերին յարուցուած է քրէական գործ՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 168րդ յօդուածի առաջին մասով («Խնամքը ստանձնելու նպատակով երեխայի առքը կամ ստանձնողի խնամքին յանձնելու նպատակով երեխայի վաճառքը»):
Նախաքննութիւնը կը շարունակուի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.