Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցումներու ուսումնասիրութեան խումբին զեկոյցը


ԽՄԲ.- 2007ին Երեւանի մէջ ստեղծուած է Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցումներու ուսումնասիրութեան խումբը (ՀՑՀՈւԽ), կազմուած չորս անդամներէ՝ Ալ-

ֆրէտ տը Զայասէ, Ճերմըն Օ. Մըքքալփինէ եւ Արա Պապեանէ, նախագահութեամբ՝ Հենրի Թերիոյի։ Այս խումբին աշխատանքները սկզբնական շրջանին գանձատրած է Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը։ 2009ին խումբը հրապարակած է իր առաջին զեկոյցը, որուն մասին տեղի ունեցած են տեղեկատուական երեք ձեռնարկներ, որոնցմէ երկուքը Միացեալ Նահանգներու եւ վերջինը Երեւանի մէջ։

Ուսումնասի-րութեան խումբին վերջին համառօտ զեկոյցը լոյս տեսած է Սեպտեմբեր 2014ին, ուր ներկայացուած են Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցումներու հարցին իրաւական, պատմական, քաղաքական եւ բարոյական կողմերուն առընչուող խնդիրներ եւ այս առթիւ եղած են յստակ առաջարկներ։ Իսկ ներկայիս, www.armeniangenocidereparations.info կայքէջին վրայ զետեղուած է զեկոյցին ամբողջական բնագիրը, pdf ձեւաչափով։

Ստորեւ կու տանք զեկոյցին ամփոփ պատկերը.-

 

Այս ձեռնարկը 100ամեակի սեմին մեծ հետաքրքրութիւն պիտի յառաջացնէ միջազգային քաղաքական, գիտական, լրատուական, մշակութային եւ հանրային շրջանակներուն մօտ. նաեւ, եթէ նկատի առնուի, որ վերջերս Թուրքիոյ մէջ նոր թափ ստացած է Ցեղասպանութեան ժառանգութեան անդրադարձող ոչ-ժխտողական մօտեցումը, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս հատուցումներուն գծով յառաջացած է միջազգային շարժում մը, ուր ընդգրկուած են մարդկային իրաւանց զանգուածային խախտումներէն տուժած բազմաթիւ խումբեր։ Հայկական հարցը այդ շարժումին բաղկացուցիչ մէկ մասը կը հանդիսանայ։

Հարկ է նշել որ 1915-23 տարիներուն զանգուածային բռնութիւններու ու թալանի ենթարկուած են նաեւ Ասորիները եւ Յոյները, սակայն այս խումբը (ՀՑՀՈւԽ) չէ ստանձնած անոնց վերաբերեալ վերլուծում եւ առաջարկ ընելու պատասխանատւութիւն, զայն թողլով այդ գծով մասնագէտներուն։

Շարք մը գործօններու պատճառաւ հատուցումներու հարցը բաւական բարդ է։ Օրինակ՝ գրաւուած գոյքի յանցագործ տարրի ձեռքը մնալը ժամանակի ընթացքին կ՚ընկալուի իբրեւ բնական սթաթիւ քուօ, իսկ անոր վերադարձը՝ ոչ-արդարանալի։ Տարածքային հատուցումներու համար մեծ խոչընդոտ կը հանդիսանայ ժամանակակից պետութիւններու համար սրբագոյն համարուող «հողային ամբողջականութեան» սկըզբունքը։ Միջազգային քաղաքական կարգի հիմք հանդիսացող այդ սկզբունքը գրեթէ անկարելի կը դարձնէ միջպետական սահմաններու փոփոխութիւնը, մինչ ՀՑՀՈւԽ-ը սահմաններու փոփոխութիւնը կը դիտէ որպէս համապարփակ եւ արդիւնաւէտ հատուցումներու ծրարի գլխաւոր բաղադրիչը։

ՀՑՀՈւԽ գիտակից է որ կան մարդիկ որոնք պիտի հակաճառեն, ըսելով թէ ներկայացուած վերլուծումը սխալ է, քանի որ յատկապէս հողերու վերադարձին համար պայքարը յաջողութեամբ պիտի չպսակուի, հետեւաբար անիմաստ է։ Սակայն այդպէս մտածողներուն պէտք է ըսել, թէ պատմութեան մէջ կան բազմաթիւ օրինակներ, ուր հանրային եւ քաղաքական արմատական փոփոխութիւններու համար պայքարող բազմաթիւ մարդոց քայլերը անիրատես եւ նախապէս անյաջողութեան դատապարտուած կը նկատուէին, ինչպէս ԱՄՆ-ու քաղաքացիական իրաւունքներու համար պայքարող առաջնորդները։ Յամենայն դէպս ժամանակը ցոյց տուաւ, թէ յոռետեսները կը սխալէին։ ՀՑՀՈւԽ-ը կը գործէ այն համոզումով թէ որքան ալ մեծ ըլլայ փոփոխութիւնը, կարելի է ան, եթէ ամուր հիմքեր ունի օրէնքի եւ բարոյականութեան տեսանկիւնէ։

 Զեկոյցին Ա. գլուխին մէջ ներկայացուած են 1915-18 եւ այնուհետեւ 1919-23 տարիներուն պատմական ծանօթ անցուդարձերը։

 Բ. գլուխը յատկացուած է Ցեղասպանութեան ընթացքին հասցուած վնասներուն, որոնք կործանարար եղան ոչ միայն Թրքահայերու, այլ նաեւ Արեւելեան Հայաստանի բնակչութեան համար։ Երկու կարգի վնասներ եղան՝ անվերականգնելի եւ նիւթական։ Անվերականգնելի կը նկատուին այն վնասները, ինչպէս Հայերու սպանութիւնները, խոշտանգումները, ընտանեկան եւ համայնքային կառոյցներու ոչնչացումը։ Անվերականգնելի վնասներու դիմաց կարելի է անուղղակի մասնակի հատուցում՝ օրինակ դրամական փոխհատուցում։ Իսկ նիւթական վնասները՝ գրաւուած շարժական եւ անշարժ գոյքերն են, որոնք կրնան վերադարձուիլ կամ անոնց դիմաց կանխիկ փոխհատուցում կատա-րել։

Գ. գլուխին մէջ տրուած են հատուցումներուն բաղադրիչները, որոնք մասնաւորաբար կը վերաբերին բոլոր գլխաւոր յանցագործներու դատավարութեան եւ միւսներու պատասխանատւութեան չափի որոշումին, հասանելի գրաւուած գոյքի վերադարձին եւ փոխհատուցում՝ անհասանելի գոյքին։ Եւ ի վերջոյ կարեւոր բաղադրիչներ են ճանաչումը եւ ներողութիւնը։

Դ. գլուխին տակ տեղ գտած են հատուցումները միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտուած եւ այդ շրջագիծին մէջ կը ներառուի հայկական հարցը։

Մարդկային իրաւանց զանգուածային այն բռնաբարումները որոնցմէ է ցեղասպանութեան պարագան եւ հատուցումներու անհրաժեշտ հիմնական սկզբունքը հաստատուած են ՄԱԿ-ի փաստաթուղթերով։ Կայ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթական հատուցումներու այլ հիմք  մըն ալ, որ իրականութեան մէջ առընչութիւն չունի ուղղակի ցեղասպանութեան հետ։ Արդարեւ, միջազգային իրաւունքը յստակօրէն կը սահմանէ, որ անընդունելի է շարժական եւ անշարժ գոյքի ապօրինի գրաւումը՝ զանգուածային խախտումներու ընթացքին կամ անոնց որպէս հետեւանք։

Այս գլուխին տակ ներկայացուած յատկանշական կէտերէն մէկն ալ այն է, որ ցեղասպանութիւն գործած պետութեան պարտաւորութիւնը չի վերանար զոհերու մահուան պատճառով։ Ցեղասպանութենէն փրկուածներու հատուցման իրաւունքը թէ՛ անհատապէս եւ թէ հաւաքականօրէն կը փոխանցուի անոնց ժառանգորդներուն, ինչպէս նշուած է Մարդկային իրաւանց միջազգային փաստաթուղթին մէջ։ Հոն յստակ կերպով ըսուած է հետեւեալը.-

«Անհատապէս կամ հաւաքականօրէն հատուցում կրնան պահանջել մարդկային իրաւանց եւ միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կոպիտ բռնաբարումներու անմիջական զոհերը, անոնց ընտանիքները կամ անմիջական զոհերուն հետ սերտ առընչութիւն ունեցող այլ անձեր կամ խմբաւորումներ»։

 Ե. գլուխը կը վերաբերի պատմական պարտաւորութիւններուն եւ հատուցումներուն։ Հոս մասնաւորաբար կը խօսուի ԱՄՆ-ու նախագահ Ուիլսընի իրաւարար վճիռին մասին, որուն համաձայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը կ՚անցնի Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներով։ Այդ տարածքները կ՚անցնին Հայաստանին՝ նաեւ ելք տալով դէպի ծով։ Ուիլսընեան վճիռը յատկապէս կարեւոր նշանակութիւն ունի Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցումներուն գծով։ Զայն կարելի է դիտել իբրեւ միջազգային հանրութեան կողմէ մշակուած հատուցումներու ծրարի կեդրոնական բաղադրիչը։

 Զ. գլուխը կը վերաբերի հատուցումներուն հարցին բարոյական կողմերուն՝ իբրեւ իրաւական եւ քաղաքական հիմքերու լրացում։ Հակառակ անոր որ հատուցումները կ՚արդարացուին ընդհանուր բարոյական մօտեցումներով, սակայն երբ խօսքը կը վերաբերի բարոյական վերլուծութեան մանրամասնութեանց, այս պարագային կը յառաջանան զարտուղութիւններ ու բարդութիւններ։ Զեկոյցը անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան առընչուող այդպիսի տասը բարդութիւններու եւ զարտուղութիւններու։

 

Է. գլուխը կ՚առընչուի հատուցումներու գործընթացին եւ առ այդ կ՚առաջարկուի Հայոց Ցեղասպանութեան ճշմարտութեան յանձնաժողովին մօտեցումը, որ պիտի նպաստէ թուրք պետութեան եւ հանրային կարծիքին առողջացման։ Հոն կը ներկայացուին ճանաչման, ներողութեան, երկխօսութեան եւ Թուրքիոյ ժողովրդավարացման շահեկան կողմերը՝ միեւնոյն ժամանակ առանց զոհաբերելու հատուցումներու նիւթական եւ այլ բաղադրիչները։ Այս յանձնաժողովին մեկնակէտը Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի անժխտելիութիւնն է, նկատի ունենալով որ Ցեղասպանութիւնը փաստող պատմական ապացոյցները անհերքելի են։

Այս բաժնին մէջ կը խօսուի նաեւ հաշտութեան գործընթացին մասին, ըսելով թէ իրական հաշտութիւն կարելի չէ քանի տակաւին կողմերը Ցեղասպանութիւնը վիճարկելու հանգրուանին կը գտնըւին։ Եթէ նոյնիսկ յանձնաժողովին գործունէութեան արդիւնքին Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը արդար լուծում ստանայ, բայց հայ-թրքական հաշտութիւն տեղի չունենայ, յամենայնդէպս յանձնաժողովը իր նպատակին հասած կ՚ըլլայ եւ առնուազն՝ ճամբայ հարթած կ՚ըլլայ ապագայ հաշտութեան համար։

Եւ վերջապէս Ը. գլուխին տակ ներկայացուած են համապարփակ հատուցումներու ծրարին վերաբերեալ առաջարկներ, որոնք հիմնուած են հետեւեալ հինգ բաղադրիչներուն վրայ.-

1) Պատիժ։ Ցեղասպանութեան յանցագործները պատժելը կարեւոր է՝ զոհերու արժանապատւութիւնը հաստատելու համար, սակայն Հայոց պարագային յանցագործները այլեւս ողջ չեն, հետեւաբար այս բաղադրիչը կարելի չէ կիրարկել։

2) Ճանաչում, ներողութիւն, կրթութիւն եւ յիշատակում։ Թուր-

քիոյ կառավարութիւնը պէտք է ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրէ։ Պէտք է յստակօրէն նշուի Ցեղասպանութեան հետ ժամանակակից Թուրքիոյ կապի բնոյթը եւ բացատրուի այդ երկրին պատասխանատւութիւնը Հայերուն նկատմամբ: Թուրքիան նաեւ պէտք է ձեռնարկէ կրթական լայնածաւալ աշխատանքի, ի մէջ այլոց՝ Ցեղասպանութեան պատմութիւնը դարձնելով իր երկրին հանրային կրթական ծրագիրներու կարեւոր բաղադրիչը։ Նաեւ Թուրքիան պարտի հիմնել բազմաթիւ թանգարաններ եւ նիւթապէս օժանդակել Ցեղասպանութեան յիշատակման ձեռնարկներու կազմակերպումին՝ ոչ միայն Թուրքիոյ, այլ ամբողջ աշխարհի երեսին, ներառեալ՝ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։ Պէտք է վերականգնուին պատմական հայկական տեղանունները այն հողերուն որոնք որպէս հատուցում պիտի չվերադարձուին Հայերուն։

 3) Աջակցութիւն Հայերուն եւ Հայաստանին։ Թուրքիա պէտք է քաղաքական եւ այլ տեսակի օժանդակութիւն ցուցաբերէ հայկական պետութեան եւ համայն Հայութեան՝ երկար ժամանակահատուածի վրայ անոնց կենսունակութիւնը ապահովելու համար։

4) Թուրքիոյ առողջացումը։ Բացի ժխտողականութեան դադրեցումէն եւ տեղւոյն Հայերու եւ այլ ազգերու նկատմամբ յարգանքի հաստատումէն, Թուրքիա պարտի ընդհանրապէս իր մշակոյթէն արմատախիլ ընել հակահայ գաղափարախօսութեան հետքերը, ներառեալ՝ պատժական օրէնսգրքի 301րդ յօդուածը։

 5) Գոյքի վերադարձ եւ մահուան, տառապանքի եւ գոյքի դիմաց փոխհատուցում։ Ցեղասպանութեան ընթացքին գրաւուած հողը, շինութիւնները եւ այլ հասանելի անշարժ ու շարժական գոյքերը պէտք է վերադարձուին, իսկ ոչնչացուած կամ անհասանելի գոյքի, ինչպէս նաեւ զոհերու մահուան եւ տառապանքներու դիմաց պէտք է տրուի փոխհատուցում։ Հայ Առաքելական, Աւետարանական եւ Կաթողիկէ եկեղեցիներէն գրաւուած գոյքերը, անկախ իրենց գտնուելու վայրէն, պէտք է վերադարձուին։

***

Խումբին եւ զեկոյցին առընչուող հարցումները կարելի է յղել Հենրի Թերիոյին՝

htheriault@worcester.edu

+1 (508) 929-8612,

կամ Department of Philosophy, Worcester State University, 486 Chandler Street, Worcester, MA 01602, U.S.A

 «Նոր Յառաջ»


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.