Անգարայէն Կը Պահանջուի Ճանչնալ Ցեղասպանութիւնը


ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ մէջ հրապարակուած է Ժողովուրդներու ժողովրդավար համագումարին կողմէ կազմակերպուած Ժողովրդավարութեան եւ խաղաղութեան 2րդ համաժողովի հռչակագիրը, որուն մէջ երկրի իշխանութիւններուն որոշ պահանջներ ներկայացուած են։ Անոնց շարքին է 1915ի հայերու եւ ասորիներու ցեղասպանութեան հարցով պետութեան պատասխանատուութիւն ընդունիլը:
Հռչակագիրին մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան խաղաղութեան սպառնացող անձանաւորութիւն մը սկսած է դառնալու. նաեւ, կը քննադատուի Սուրիոյ հիւսիսային շրջաններուն եւ քրտական հարցի կարգաւորման ջանքերուն կապակցութեամբ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը։ Համաժողովը իշխանութիւններէն պահանջած է հրաժարիլ Սուրիոյ վարչակազմը փոխելու նպատակը հետապնդող «ապահովութեան գօտի» ստեղծելու փորձերէն եւ ազատ արձակել քաղաքական բանտարկեալները։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.