Պոլսոյ Հայկական Հիւանդանոցին Պատկանող Տարածք Մը Պիտի Խլուի


Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Հիւանդանոց Սփիւռքի Ամենամեծ Հայկական Հիւանդանոցը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ Զէյթինպուռնու շրջանի գործադիր իշխանութիւնը որոշած է հանրային զբօսայգիի մը վերածել հայկական Սուրբ Փրկիչ հիւանդանոցին պատկանող 8660 քառակուսի մեթր տարածքը. այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Եուրթ» թերթը:
Թերթը նաեւ կը նշէ, որ հայկական հիւանդանոցի հոգաբարձուները դէմ եկած են այս որոշումին եւ պիտի փորձեն զայն փոխել:
Ըստ թերթին՝ յիշեալ տարածքը արժէքաւոր տարածք մըն է:
Սուրբ Փրկիչ հայկական հիւանդանոցը կը համարուի Թուրքիոյ լաւագոյն բժշկական հաստատութիւններէն մէկը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.