Բեկոր Աշոտի ծննդեան 55-ամեակ


Հոկտեմբեր 6-ին, արցախեան գոյամարտի նուիրեալներէն Բեկոր Աշոտ Ղուլեանը պիտի դառնար 55 տարեկան: Սակայն ան, 33 տարեկանին որոշած էր միախառնուիլ իր պաշտած Արցախի կիզուած հողին:

Բեկոր Աշոտ, իսկական անունը Աշոտ Ղուլեան, Արցախեան ազատամարտի մասնակից, ՀՅԴ անդամ, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Ստեփանակերտի առաջին վաշտի հրամանատար, «Արցախի հերոս», «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանակիր։

Կենսագրութիւն

Ծնած է 6 Հոկտեմբեր 1959-ին, Պաքու։ Երիտասարդ տարիներուն Բեկորը աշխատած է իբրեւ դերձակ, շինարար, ինքնաշարժ վարող եւ փականագործ։ Մարտական անունը ստացած էր նախապատերազմեան շրջանին, երբ 5 հոգիով Շահումեանէն Ստեփանակերտ զէնք կը տեղափոխէին։ 5 տղաներէն 4-ի անունը Աշոտ էր եւ որպէսզի խօսելու ատեն զիրար զանազանէին, կ՚որոշեն բոլորին մականուն տալ։ Աշոտին, որ արդէն ինքնաշէն զէնքերը փորձելու ընթացքին քանի մը բեկոր «վաստակած» էր, կոչեցին Բեկոր (Ասքոլքա)։ Ամուսնացած է 1985-ին։ Ունեցած է երեք որդի։

Արցախեան պատերազմ

Բեկորը մասնակցած է Ղարաբաղի մէջ մղուած մարտերէն շատերուն՝ Ասկերան, Հատրութ, Շահումեան, Կրկժան, Վերին Շէն, Բուզլուխ, Մանաշիդ, Մալիբէյլու, Խոջալու, Լեսնոյ, Քարինտակ, Շուշի, Լաչին, Մարտակերտ, Կուսապատ, Մաղավուզ, Սրխավենդ, Բաշ-Գիւնեփայա, Օրթա-Գիւնեփայա, Դրմբոն։ Անոր հրամանատարութեամբ բազմաթիւ բնակավայրեր ազատագրուած են։

Շուշիի ազատագրումը

1992-ին, Շուշիի ռազմական գործողութեան ժամանակ, Ա. վաշտը Բեկորի գլխաւորութեամբ առաջինը մուտք կը գործէ քաղաք։ Կ՚ըսեն, որ 8 մայիսի առաւօտեան 6։30-ին, Աշոտը հեռակապով կը կապուի Արկադի Տէր Թադեւոսեանի (Կոմանդոս) հետ՝ Կեդրոնական շտապ, եւ կը հաղորդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատարին յայտնեն, որ ինք նստած է Շուշիի բերդի պատին ու կը սպասէ տղաներու բարձրանալուն։ «Քանի մը վայրկեանէն կը մտնեմ քաղաք», աւելցուցած էր Բեկորը։

Բեկորի մահը

24 Օգոստոս 1992-ին, Մարտակերտի շրջանի Դրմբոն գիւղի ազատագրման համար մղուած մարտը վերջինը եղաւ Բեկորի համար։

Բեկորի յիշատակին

1993-ին, Աշոտ Ղուլեան յետմահու արժանացած է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան «Մարտական խաչ» առաջին աստիճանի շքանշանի։ 1999-ին, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահի հրամանագրով արժանացած է «Արցախի հերոս» բարձրագոյն կոչումին, պարգեւատրուած է «Ոսկէ արծիւ» շքանշանով։ 2002-ին, արժանացած է «Շուշիի ազատագրում» շքանշանի։ Անոր անունով կը կոչուի փողոց Շուշիի մէջ, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական պաշտպանական շրջանի առաջին մոթոհրաձգային գումարտակը։ Բեկորի մարտական անունը կը կրէ անոր կրտսեր որդին, ով ծնած է հօր նահատակութենէն ետք։

Բեկորի խօսքերէն

«Եթէ զինուորէն սկսեալ մինչեւ նախարարը բոլորանուէր իրենց գործը կատարեն, ապա մեր բոլոր ձեռնարկումները պիտի պսակուին յաղթանակով…», կ՚ըսէր Արցախի առասպելական հերոսը, որու համար «հայրենասիրութիւնը ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ քու վրայ դրուած պարտականութիւններու բարեխղճօրէն կատարում»։ 
Մարտերու միջեւ դադարի ժամանակ Բեկոր մարտական ընկերներուն ըսած է. «Եթէ Ղարաբաղը կործանուի, ապա միայն քաղաքական խաղերու պատճառով պիտի կործանուի, քաղաքականութիւնը ամէնէն սարսափելի գիշատիչն է»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.