Քեսապի Նկատմամբ Թուրքիոյ Ախորժակը Կը Յամենայ


«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» 1 հոկտեմբերին հաղորդեց, որ ըստ ապահովական աղբիւրներու, Թուրքիոյ ստեղծել փափաքած «ապահովական գօտին պիտի չներառէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ որեւէ շրջան, որ կը գտնուի Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան կամ ՏԱՀԵՇ-ի վերահսկողութեան տակ, որպէսզի թրքական ուժերը այդ խմբակներուն հետ գործ չունենան»:

Ուրեմն հիւսիսային Սուրիոյ ո՞ր շրջանին մէջ պիտի ստեղծուի այդ գօտին. բնական պատասխանը Սուրիոյ քարտէսին ծանօթներուն մօտ կը ստեղծէր Քեսապի ճակատագիրին նկատմամբ մտահոգութիւն մը, որ այսօր առաւել եւս հիմնաւորուած է, որովհետեւ այդ տեղեկութիւնը յստակացուելով ու մանրամասնուելով մեզի կը փոխանցուի ոչ թէ անանուն աղբիւրներու կողմէ, այլ` Թուրքիոյ վարչապետին:

«Թըրքիշ Տէյլի Նիուզ» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու 15 հոկտեմբերին «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին թուած է Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտիներու ստեղծման հաւանական վայրերը` նշելով, որ անհրաժեշտ է «թրքական սահմանը միացնել» հիւսիսային Լաթաքիոյ` իմա՛ Քեսապին, ինչպէս նաեւ Հասաքայի կարգ մը շրջաններուն, Ճարապլուսի, Արաբունարի, Թել Ապիատի, Իտլիպի եւ Աֆրինի` «պաշտպանելու համար Սուրիոյ արաբները, քիւրտերը եւ թիւրքմենները»:

Տաւութօղլու ապահովական այդ գօտիին իսկական բնոյթը ծածկելու ձախող աճպարարութեամբ մը կատարած է հետեւեալ ծիծաղելի հաստատումը. «Մեր ապահովական գօտի ըսածը զինուորական նշանակութիւն չունի, այլ մարդասիրական-ապահովական գօտի մըն է, որ պիտի ըլլայ զինուորական պաշտպանութեան տակ»: Ան շեշտած է, որ այդ գօտիներուն խորքը կրնայ փոխուիլ ըստ այդ շրջաններուն մէջ մարդասիրական տարբեր կացութեանց` աւելցնելով, որ Թուրքիան առանձին միջամտելու ռիսքին պիտի չդիմէ: Այլ խօսքով` Թուրքիա այս անգամ Քեսապի գրաւումը չ՛ուզեր վստահիլ իր վարձկաններուն, հարցը առած է իր ձեռքը եւ իր «մարդասիրական» քայլին համար կը ջանայ միջազգային օրհնութիւն ապահովել, որպէսզի հետագային «Քեսապը փրկեցէ՛ք» բարձրաձայնող ձայները խեղդէ եւ այդպիսի արշաւի մը ազդուութիւնը չէզոքացնէ: Անհրաժեշտ է այժմէն իսկ մեր ձայնը լսելի դարձնենք եւ մեր մտահոգութիւնը փոխանցենք առնչակից կողմերուն, որովհետեւ վաղը կրնայ ուշ ըլլալ եւ այդ մէկը կատարելը կրնայ ձեւական ու ամուլ քայլի մը վերածուիլ:

Թուրք ղեկավարներուն նպատակը մէկ քարով երկու թռչուն զարնելն է. անոնք կ՛ուզեն Թուրքիոյ մէջ գտնուող շուրջ 1,5 միլիոն սուրիացի գաղթականները այդ «ապահովական գօտիներ»-ուն մէջ վերաբնակեցնելով անոնց պատճառած տարատեսակ գլխացաւերէն ու մտահոգութիւններէն ձերբազատիլ եւ այդ ընթացքին Քեսապն ալ հայաթափել ու անոր հայկական ինքնութիւնը ջնջել: Այսօր գոյութիւն ունի այն վտանգը, որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնէ. ատենօք հայերը Կիլիկիայէն տեղահանուելէ ետք այդտեղ վերադարձան, սակայն կարճ ժամանակ ետք դարձեալ տեղահանուեցան: Ջանանք, որ այդ դառն փորձառութիւնը դարձեալ չապրինք:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.