Պասքեթպոլ. Աղջկանց Արաբական Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն


10723289_10152808696594429_1977723693_fԱղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի աղջկանց ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները 76-65 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելէ ետք Օրթոտոքսիէն (Յորդանան), դուրս մնացին մրցաշարքէն:

Հակառակ խումբին կրած այս պարտութեան, ՀՄԸՄ-ի համար այս մրցաշարքը եղաւ յիշատակելի, նախ անոր համար, որ անիկա կը մասնակցէր կարեւոր միջազգային մրցաշարքի մը, իսկ երկրորդ` խումբին մարզիկները իրենք զիրենք զգացին Լիբանանի մէջ` նկատի ունենալով, որ մեծաթիւ եգիպտահայեր ուղղուած էին դաշտ` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ը:

 

 

 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.