«Ճատրակը Դպրոցներուն Մէջ» Միջազգային Գիտաժողով` Երեւանի Մէջ


1017_Konferans-1Երէկ` ուրբաթ, 17 հոկտեմբերին, Երեւանի մէջ աշխարհի շուրջ 30 երկիրներու պատուիրակներու մասնակցութեամբ սկսաւ միջազգային գիտաժողով մը` «ճատրակը դպրոցներուն մէջ» խորագիրով:

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը աւելցուց, որ այս գիտաժողովը կազմակերպեցին Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, ՖԻՏԷ-ն, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը եւ ճատրակի ակադեմիան` գործակցութեամբ Խ. Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին:

Գիտաժողովին բացման արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի նախագահ, ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրշան Իլիումժինով:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.