Պաքու «Անթոյլատրելի» Կ՛որակէ Ատրպէյճանի Ներքին Գործերուն Միջամտելու Ուաշինկթընի Փորձերը
891
0
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Վերջերս Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Ճեն Փսաքի կոչ ըրած էր Ատրպէյճանի կառավարութեան, որ ազատ արձակէ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան Լէյլա Եունուսը:
Պատասխանելով այս կոչին՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Հիքմեթ Հաճիեւ ըսած է, որ Ատրպէյճանի ներքին գործերուն միջամտելու ամերիկեան «շարունակական փորձերը անթոյլատրելի են»:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճանի մէջ կը տիրէ օրէնքի գերակայութիւն, ու դատաիրաւական համակարգը ամբողջութամբ անկախ է: