Իրանահայ Երեք Թեմերու Առաջնորդները Դիմաւորեցին Արամ Ա. Կաթողիկոսը


Չորեքշաբթի, 15 Հոկտեմբեր 2014-ի կէսօրին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ժամանեց Իրան, ուր պաշտօնական դիմաւորութեան արժանացաւ իրանահայ երեք թեմերու առաջնորդներուն՝ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանին, Սպահանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Եպս. Չարեանին, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Եպս. Չիֆթճեանին, ինչպէս նաեւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանին, Իրանի խորհրդարանի զոյգ հայ պատգամաւորներուն, Իրանի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանին, Թեհրանի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական եւ Թեմական Խորհուրդներու ներկայացուցիչներուն:

Օդակայանէն ուղղուելով դէպի Ս. Սարգիս Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցի, Նորին Սրբութիւնը ժողովրդային ընդունելութեան արժանացաւ եւ եկեղեցականաց դասի ու եկեղեցւոյ երգչախումբի թափօրին առաջնորդութեամբ մուտք գործեց եկեղեցի, Կանոնական աղօթքի համար:

Ողջոյնի եւ բարի գալստեան խօսք ուղղելով, Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, օրհնաբեր այս պատուաբեր այցելութիւնը պատեհ առիթ համարեց հովուապետ եւ հօտ հանդիպման: Սրբազան Հայրը հաւատացեալ ժողովուրդին որդիական սիրոյն, յարգանքին եւ ակնածանքին թարգմանը հանդիսացաւ վեր առնելով յատկապէս Վեհափառ Հայրապետին անխոնջ ծառայութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին կեանքէն ներս:

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց թեմակալ երեք առաջնորդները, իրենց ազգային իշխանութիւններով, ժողովական մարմիններով եւ ազգային կեանքէն ներս գործող բոլոր կազմակերպութիւններով:

Վեհափառ Հայրապետը իրանահայ երեք թեմերու միասնական պատկերին մէջ տեսաւ այն միութիւնը, որ պէտք է արտայայտուի համայն հայութեան կեանքէն ներս, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախապատրաստական այս օրերուն: Իւրաքանչիւր թեմի կառոյցներուն, կազմակերպութիւններուն եւ հայ անհատի մասնակցութիւնը հաւաքական այս աշախատանքին Նորին Սրբութիւնը նկատեց շատ կարեւոր: Ապա, իր խօսքը ժողովուրդին ուղղելով, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, քրիստոնէական հաւատքի կարեւորութիւնը եւ անոր առանցքային դերը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

Կանոնական աղօթքէն եւ հայրապետական անդրանիկ պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ: Հոգեւորական դասէն սկսեալ, ազգային իշխանութեան անդամներ, ազգային կառոյցներու ներկայացուցիչներ, դպրոցական աշակերտ աշակերտուհիներ եւ ամբողջ ժողովուրդը հերթաբար ներկայացաւ Վեհափառ Հայրապետին եւ ստացաւ Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը:

Երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը ներկայ եղաւ Թեհրանի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական ժողովին, որուն մասնակից էին նաեւ կրօնական, թեմական խորհուրդներն ու հաշուեքննիչ մարմինը:

Նորին Սրբութեան այցելութիւնը պիտի տեւէ շուրջ երկու շաբաթ, որուն ընթացքին հանդիպումներ պիտի ունենայ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.