Քոպանիի զօրակցական հաւաքին մասնակցեցան ՀՅԴ ԳԵՄ-ը եւ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութիւնը
973
0
ՄՈՆԹՐԷԱԼ.- Հոկտեմբեր 12-ին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան 20 անդամներ ներկայ գնուեցան ցոյցի մը, որ կազմակերպուած էր Մոնթրէալի քրտական գաղութին կողմէ, ի զօրակցութիւն պաշարուած Քոպանի քաղաքին:
Առաւօտեան ժամը 11-ին սկիզբ առած ցոյցը Ֆիլիփ հրապարակէն սկսաւ տողանցել քաղաքի մայր պողոտաներուն վրայ։
Ցոյցը աւարտին, կազմակերպողները շնորհակալութիւն յայտնեցին հայկական կողմին իրենց զօրակցութեան համար։