Գերմանիոյ Խորհրդարանի Նախագահը Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Զինուորական Լուծումը Կը Նկատէ Անթոյլատրելի


Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Ժընեւ, Միջխորհրդարանական 131-րդ վեհաժողովին ծիրին մէջ 12 հոկտեմբերին հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Նորպըրթ Լամմերթի հետ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահի աշխատակազմէն «Արմէնփրես»-ին յայտնած են, որ երկուստեք կարեւոր նկատուած է միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ խորացնելու ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկումը, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն փոխադարձ գործակցութեան շարունակականութիւնը:

Անդրադառնալով հայ-թրքական յարաբերութիւններուն` Շարմազանով անթոյլատրելի նկատած է Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շրջափակումը, դրացի երկրին հետ նախապայմաններով խօսիլը եւ Հայոց ցեղասպանութեան փաստի ժխտումը: Ան նշած է, որ ի տարբերութիւն Գերմանիոյ, Թուրքիան պատմութիւնը կեղծելու ճամբով կ՛ընթանայ:

Էդուարդ Շարմազանով իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ 2005-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւի որդեգրման համար: Ան համոզում յայտնած է, որ նման ոճրագործութիւնները ճանչնալու եւ դատապարտելու ճամբով միայն կարելի պիտի ըլլայ կանխարգիլել անոնց հետագայ կրկնութիւնը:

Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մասին` Շարմազանով դրական գնահատած է Գերմանիոյ հաւասարակշռուած դիրքորոշումը հիմնախնդիրի հարցին մէջ: Ան ընդգծած է, որ Հայաստանը հիմնահարցի լուծումը կը տեսնէ բացառապէս խաղաղ միջոցներով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափով ընթացող բանակցութիւններուն ծիրին մէջ:

Պունտըսթակի նախագահը իր կարգին անթոյլատրելի նկատած է տագնապին զինուորական լուծումը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.