Թուրք Երեսփոխանին «գիւտ»ը. Սուրիահայերու Գաղթը Կրնայ Հայկական Սփիւռքի 100-ամեակի Ծրագիրներուն Մաս Կազմել


Թուրքիոյ Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան (MHP) երեսփոխան Նէվզաթ Քորքմազ (նկարը) նհաւատալի «գիւտ» մը ըրած է։ Ազգային Ժողովին մէջ, «Իսլամական Պետութեան» մասին Ներքին գործոց նախարարին յղած իր հարցադրումին մէջ այնպիսի բաներ ըսած է, որոնք կը նշանակեն, թէ՝ Սուրիոյ պատերազմէն փախչելով Թուրքիա ապաստանող գաղթականներու հոսանքը հայկական Սփիւռքին կողմէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ դիտումնաւոր ձեւով կազմակերպուած է։

Երեսփոխանը յայտարարած է, թէ Թուրքիա ապաստանող Սուրիացիներուն մէջ կան PKK-ականներ եւ «1915-ի տեղահանութեան ատեն Թուրքիայէն մեկնած Հայոց գերդաստաններ»։ Քորքմազ պնդած է որ այդ Հայերը «անգամ մըն ալ Սուրիա չենք վերադառնար։ Հիմա արդէն այն հողերուն վրայ ենք ուրկէ աքսորուեցան մեր պապերը» ըսած է։ Նէվզաթ Քորքմազ եզրակացուցած է, որ եկողները «որոշ նպատակով գաղթած են»։

Մեկնաբանութեան կը կարօտի՞։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.