Հայաստանի Մէջ 10 Տոկոսը Կը Հարստանայ, 30 Տոկոսը աղքատութեան շեմին


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի բնակչութեան 30 տոկոսը կը շարունակէ ապրիլ աղքատութեան շեմին: Այս մասին նշուած է «Հայաստանի սննդային անվտանգութեան ասպեկտները» անուանումով հետազօտութեան մէջ, զոր պատրաստած է «Մրցունակ հասարակութիւն» հասարակական կազմակերպութիւնը՝ Oxfam-ի, Եւրամիութեան եւ Business Support Center կազմակերպութեան աջակցութեամբ:
Նշենք, որ այս ցուցանիշը կը ներառէ ոչ թէ նուազագոյն սպառողական զամբիւղը (հագուստի, առողջական ծառայութիւններու եւ այլ ծախսերը հաշուի առնելով), այլ ընդամէնը նուազագոյն անհրաժեշտ սնունդի ծախսերը: Եւ, հակառակ անոր որ, ընդհանուր առմամբ, 2012 թուականի արդիւնքներով իւրաքանչիւր բնակիչի եկամուտը (վիճակագրական տուեալներուն համաձայն՝ շուրջ 40 հազար դրամ ամսական) գրեթէ կրկնակի կը գերազանցէ այդ շեմը (շուրջ 20,000 դրամ), իսկութեան մէջ բնակչութեան շուրջ 30 տոկոսին եկամուտը չի բաւեր օրական 460 կրամ հացի եւ ձաւարեղէնի, 200 կրամ բանջարեղէնի, 145 կրամ գետնախնձորի, 25 կրամ շաքարաւազի, 50 կրամ միսի եւ նման համեստ չափաբաժիններով անհրաժեշտ այլ մթերքի համար, որ ներառուած է Համաշխարհային դրամատան պատրաստած «քաղցի շեմի» կանոնակարգին մէջ:
Բնակչութեան շուրջ 80 տոկոսին եկամուտը 2002-2012 թուականներուն աճած է գրեթէ միանման տարողութեամբ: Սակայն պատկերը կտրուկ կը փոխուի բնակչութեան ամէնէն հարուստ 10 տոկոս կազմող խումբին մէջ: Եթէ 2002 թուականին ընտանիքին մէջ միջին եկամուտը մէկ անձի պարագային շուրջ 42-43 հազար դրամ էր, 2012 թուականի արդիւնքներով՝ արդէն 120 հազար դրամ (շուրջ 290 տոլար – Խմբ.): Հարստութեան առումով երկրորդ 10 տոկոսի պարագային 2012 թուականի աւարտին եկամուտը կազմած է 60 հազար դրամէն աւելի՝ մէկ անձի համար, երրորդ 10 տոկոսի պարագային՝ 46-47 հազար դրամ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.