«Ակօս»ի Թղթակիցը Կը Հետապնդուի Ատրպէյճանի Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Պոլիս լոյս տեսնող հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի ատրպէյճանցի թղթակից Արզու Կէյպուլլաեւան սկսած է հետապնդումներու թիրախ դառնալու:
Թերթը, անհանգստութիւն յայտնելով թղթակիցի կեանքի ապահովութեան նկատմամբ՝ կը գրէ, որ յաճախակի դարձած են լրագրողի հասցէին կատարուող վիրաւորական «լուր»երը, որոնք ատելութիւն կը սերմանեն լրագրողին նկատմամբ՝ զայն բացայայտ թիրախ դարձնելով։
Նախ, ատրպէյճանական «modern.az» կայքը Կէյպուլլաեւայի հետ պատրաստած է յայտագիր մը, ուր լրագրողը շարք մը հետաքրքրական հարցումներու պատասխանած է։ Օրինակ՝ հարցուած է. «Գաղնիք չէ, որ «Ակօս» թերթը հայկական լրատուամիջոց է, որ ժամանակին կը ղեկավարուէր Հրանդ Տինքի կողմէ: Իբրեւ հոն աշխատող ատրպէյճանցի, ինչպիսի՞ յարաբերութիւններ ունին ձեզի հետ: «Ակօս»ը գրաքննութեան ենթարկա՞ծ է ձեր յօդուածները, պարզապէս, որ ատրպէյճանցի էք: «Ակօս»ի անձնակազմը ինչպէ՞ս կը վերաբերի ձեզի հետ»:
Լրագրողը դարձած է նաեւ ատրպէյճանական «aznews.az», «musavat.com», «newstimes.az», «azinform.az» լրատուական կայքերու թիրախը: «Aznews.az»էն Էլնուր Էլթիւրք լրագրողը համարած է «թշնամիի ջրաղացին ջուր լեցնող մը»:
Կէյպուլլաեւա յայտնած է, որ նմանատիպ լուրերու հրապարակումէն ետք, աւելի յաճախ սպառնալիքներ կը ստանայ: «Կ՛ըսեն, թէ դաւաճան եմ: Կան մարդիկ, որոնք ինծի «հայ շուն» կը կոչեն», ըսած է ան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.