Թրքական աղբիւրը կը պնդէ, թէ Հայաստանը PKK-ին հակօդային հրթիռներ տուած է
812
0
Թրքական Ulkeajans լրատուական կայքի հաղորդմամբ` Հայաստանի կառավարութիւնը Քրտական աշխատավորական կուսակցութեան` (PKK ) զինեալներուն 50 «SA-7» հակօդային ուսամբարձ հրթիռարձակ տուած է` Թրքական բանակի ռազմօդանաւերուն դէմ օգտագործելու համար: Աղբիւրը կը նշէ, որ հրթիռները տեղակայուած են Իրաքի Քանտիլի լեռնային շրջանին մէջ:
Ռուսական արտադրութեան «SA-7» հրթիռները կը գործածուին ռազմական ուղղաթիռներու եւ օդանաւերու դէմ: Ուսամբարձ հրթիռազէնը իր թիրախին կրնայ հարուածել նուազագոյնը 800 մեթր, առաւելագոյնը 4200 մեթր հեռաւորութենէ` նպատակակէտին հասնելով 14-17 երկվայրկեանէն: