Ճատրակ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Գրիգորեան Եւ Գէորգեան Յաղթանակով Սկսան Մրցաշարքը


grigoryan_maria-chessՀայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները` Կարէն Գրիգորեան եւ Մարիա Գէորգեան, յաղթանակով սկսան ճատրակի աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ հնդկական Փունէ քաղաքին մէջ:

Գրիգորեան յաղթեց Ռանժան Սահու Ութքալի, իսկ Գէորգեան` Սհեթթի Շրիսթիի:

Բ. հանգրուանին անոնք իրենց կատարած մրցումներուն հաւասարութիւն արձանագրեցին:

Նշենք, որ 20 տարեկանէն վար աշխարհի կրտսերներու ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի 19 հոկտեմբերին:

13 հոկտեմբերը մրցաշարքին հանգիստի օրն է:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.