Նորայր Սերենկիւլեան Ահունցիք-Քարթիէվիլի մէջ Թեկնածու Առաջադրուելու Հարցին Մէջ Գանատայի Ազատական կուսակցութեան «Կանաչ Լոյսը» կը Ստանայ


Մինչ Ահունցիք-Քարթիէվիլի մէջ Գանատայի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութեանց Ազատական կուսակցութեան թեկնածուի ընտրապայքարը թափ կը ստանայ, «Հորիզոն» տեղեակ դարձաւ, որ Նորայր Սերենկիւլեան Ազատական կուսակցութեան ազգային ընտրարշաւի համանախագահներէն «կանաչ լոյս» ստաձած է։ «Կանաչ լոյս»-ը թեկնածու առաջադրուելու հոլովոյթին մէջ կարեւոր քայլ մըն է եւ կը տրուի ՚հարցազրոյցի լուրջ հոլովոյթէ մը ետք։ Առանց «Կանաչ լոյս»-ին՝ թեկնածուի մը անունը թեկնածուներու ընտրութեան ժամանակ ընտրացանկին վրայ չի ներառուիր։

«Գանատայի ազատական կուսակցութեան կողմէ թեկնածու նկատուելու լուրով ուրախ եմ», ըսաւ Նորայր Սերենկիւլեան։ «Մեր ընտրական քարոզչութեան աշխատանքը կը շարունակուի, եւ տակաւին շատ աշխատանք կայ կատարուելիք»։ 

Յիշեցնենք, որ թեկնածութեան ընտրութեան կրնան մասնակցիլ միայն Գանատայի ազատական կուսակցութեան Ահունցիք-Քարթիէվիլի մէջ բնակող անդամները։ Քուէարկութեան թուական մը տակաւին չէ ճշդուած, սակայն որեւէ պահու կրնայ յայտարարուիլ։

«Համայնքին աջակցութիւնը հոյակապ էր, սակայն պէտք է յաւելեալ անդամներու աջակցութիւնը ապահովենք», ըսաւ Սերենկիւլեան։ «Կանաչ լոյս»-ի տէր շարք մը թեկնածուներու գոյութեան լոյսին տակ՝ որեւէ պահու ընտրութիւն կրնայ յայտարարուիլ։ Յաղթանակ ապահովելու համար տակաւին բոլորս շատ աշխատանք ունինք կատարելիք», ըսաւ ան։

Նորայր Սերենկիւլեանի ընտրական խմբակին հետ կարելի է կապ պահել անոր կայքին՝ www.Norair2015.ca կամ Դիմատետրի էջին՝ www.facebook.com/Norair2015 ճամբով։ Եթէ կ՚ուզէք ընտրական խմբակին որեւէ մտահոգութիւն ու կարծիք փոխանցել կամ հարցում ուղել կրնաք ե-նամակ մը գրել Norair2015@gmail.com հասցէին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.