Պասքեթպոլ. Հայաստան 42-րդ` Եւրոպայի Մէջ


Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը կը հաղորդէ, որ ՖԻՊԱ Եւրոպան հրապարակեց եւրոպական երկիրներու դասաւորումը` նկատի առնելով 16, 18 եւ 20 տարեկանէն վար տղոց եւ աղջկանց հաւաքականներուն ունեցած ելոյթները` 2011-էն 2014:

Այս դասաւորման մէջ Հայաստան գրաւեց 42-րդ դիրքը` նկատի ունենալով, որ այս շրջանին ան մասնակցեցաւ միայն տղոց ախոյեանութեան:

Տեղին է նշել, որ 2011-ին Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականը Մակեդոնիոյ մէջ յաջող ելոյթ ունեցաւ` գրաւելով 6-րդ դիրքը 21 հաւաքականներուն մէջ, կ՛եզրափակէ ArmSport.am-ը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.