Դամասկոս Միջազգային Համայնքին Կոչ Կ՛ընէ Զսպելու Թուրքիոյ «Արկածախնդրութիւնները»


ՊԷՅՐՈՒԹ, «Էյ.Փի.».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 3ին կոչ ըրաւ միջազգային համայնքին, որ կանխէ Թուրքիոյ «արկածախնդրութիւնները»՝ ակնարկելով Սուրիոյ սահմաններէն ներս թրքական զինուորական ուժերու հաւանական գործողութիւններուն, միաժամանակ ազդարարելով, որ Թուրքիա «նախայարձակ կողմ» պիտի նկատուի, եթէ նման գործողութիւններու դիմէ։
Թուրքիոյ խորհրդարանը Հինգշաբթի երեկոյեան, 298 թեր եւ 98 դէմ քուէներով թրքական բանակը լիազօրեց Սուրիոյ եւ հիւսիսային Իրաքի հարցով միջամտելու՝ անհրաժեշտութեան պարագային, ինչպէս նաեւ օտար ուժերուն արտօնեց անդրսահմանեան գործողութիւններուն համար Թուրքիոյ մէջ գտնուող ռազմակայանները օգտագործել:
Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ ընդդիմադիր Ազգայնական շարժում կուսակցութեան երեսփոխանները թեր քուէարկեցին, իսկ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնն ու քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարական կուսակցութիւնը՝ դէմ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն քուէարկութեան արդիւնքէն գոհ է։ Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ շաբաթ ամերիկացի պաշտօնատարներ Անգարա այցելեն, քննելու համար Թուրքիոյ դերը ծայրայեղականներու դէմ կազմակերպուած համախոհական յարձակումի ծրագիրին մէջ։ Պիտի քննուի նաեւ Ինճիրլիքի ամերիկեան զինուորական խարիսխի օգտագործման կարելիութիւնները։
Իր կարգին, Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան բանտարկուած ղեկավար Ապտուլլահ Օճալան զգուշացուց, որ իր ղեկավարած կուսակցութեան եւ թրքական պետութեան միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթը վերջ պիտի գտնէ, եթէ իսլամ ծայրայեղական զինեալներուն արտօնուի Քոպանիի (Այն Արապ) մէջ ջարդ գործել:
Քրտական ժողովուրդի պաշտպանութեան մարտիկները կը շարունակեն Թուրքիոյ սահմանին մօտիկ գտնուող նշեալ քաղաքին մէջ բուռն դիմադրութիւն ցուցաբերել «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան զինեալներուն, մինչ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը կը յայտնէ, որ գոյութիւն ունի այն վախը, որ քաղաքը կրնայ գրաւուիլ:
Վերջին քանի մը օրերուն, քաղաքին շուրջ պաշարման օղակը աստիճանաբար աւելիով կը սեղմուի։ Կը հաղորդուի, որ հոն կը գտնուին մօտաւորապէս 200,000 հազար քիւրտ քաղաքայիններ եւ զինեալներ:
Միւս կողմէ, «Վրեմիա» հաղորդեց, թէ Սուրիոյ ազգային հաշտեցման հարցերով պետական նախարար Ալի Հայտար յայտարարած է, որ Դամասկոս միջնորդներու միջոցով Միացեալ Նահանգներէն տեղեկութիւններ կը ստանայ Սուրիոյ տարածքին կատարուող օդային հարուածներուն մասին: Ան յայտնած է. «Այդ ձեւով, մենք անուղղակի կերպով կը համագործակցինք Միացեալ Նահանգներու հետ: Կը կարծեմ, որ անհրաժեշտ է յաւելեալ համագործակցութիւն»: Ան նաեւ քննադատած է մէկ կողմէ «Իսլամական պետութիւն»ը հարուածելու, իսկ միւս կողմէ՝ Սուրիական ազատ բանակին հետ գործակցելու Ուաշինկթընի քաղաքականութիւնը: «Ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը ուրիշով փոխարինելը ահաբեկչութեան դէմ պայքար չէ», յայտնած է ան:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.