Այս Տարի Հայաստանի Մէջ Արձանագրուած Է Թմրամոլներու Թիւի Աճ


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ հաշուըւած է 5271 թմրամոլ, որոնցմէ 21ը՝ կին, իսկ 3ը՝ անչափահաս։ 2 Հոկտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի ոստիկանութեան կազմակերպուած յանցաւորութեան դէմ պայքարի գլխաւոր վարչութեան պետի առաջին տեղակալ, ոստիկանութեան գնդապետ Վարդան Բադասեանը:
Ըստ անոր՝ նախորդ տարուան համեմատութեամբ արձանագրուած է թմրամոլներու թիւի աճ. 2013ին անոնց թիւը 5022 էր: Վարդան Բադասեան ընդգծած է կարեւորութիւնը հետեւողական բուժման, որ կը կատարուի երեք քաղաքներու մէջ՝ Երեւանի, Գիւմրիի եւ Վանաձորի: Ան աւելցուցած է, որ շուտով այդ ծրագիրը պիտի գործէ նաեւ Սիւնիքի մարզի Կապան քաղաքին մէջ: «Ներկայումս այդ ծրագրում ներգրաւուած է 361 մարդ, որոնցից 240ը՝ Երեւանում, 22ը՝ Վանաձորում, 17ը՝ Գիւմրիում: Ծրագիրը գործում է նաեւ քրէակատարողական հիմնարկներում», ընդգծած է Վարդան Բադասեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.