Հայկական Բանակին Մէջ Զօրակոչուած Զինուորին Ամսականը 8.3 Տոլար է


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայկական բանակին մէջ զինուորական ծառայողին ամսականը 3400 դրամ է (8.3 տոլար): 2 Հոկտեմբերին այս մասին նշուած է կառավարութեան նիստին ընթացքին տրուած որոշման մէջ: Կոչումը բարձրանալուն զուգահեռ՝ մինչեւ աւագ, դրամային վճարումները կը հասնին մինչեւ 5300 դրամ: Ենթասպայի կոչում ստացածներուն համար ամսականը կը դառնայ 9800 դրամ:
Ռազմական ուսումնական հաստատութիւններ յաճախողներուն համար, կախեալ կոչումէն (շարքայինէն մինչեւ աւագ) եւ ուսման տարիէն (1-4րդ տարի) գումարը կը տատանի 5300 դրամի միջեւ եւ 30,700 դրամի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.