Բռնութեան Իբրեւ Հետեւանք՝ Այս Տարի 9 Կին Զոհուած Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ բռնութեան իբրեւ հետեւանք նախորդ տարի 7 կին զոհուած է, իսկ այս տարուան Սեպտեմբերի դրութեամբ այդ թիւը արդէն հասած է 9ի: 30 Սեպտեմբերին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Ընդդէմ կանանց նկատմամբ բռնութեան» շարժումի մասնակիցներէն Պերճուհի Կաժոյեան:
Անոր համաձայն՝ այս տարի բռնութեան ենթարկուած մարդոց թիւը եռակի աւելցած է: Պաշտօնական տուեալներով՝ այս տարուան Յունուար-Սեպտեմբերին 1501 մարդ ենթարկուած է բռնութեան, մինչ նախորդ տարի այդ թիւը 580 էր: «Շատ յաճախ բռնութեան դէպքում կանայք խուսափում են դիմել ոստիկանութիւն, քանի որ վերջինիս նկատմամբ մեծ է անվստահութիւնը, եւ նրանք հիմնականում դիմում են հասարակական կազմակերպութիւններին», նշած է ան:
«Ընդդէմ կանանց նկատմամբ բռնութեան» մէկ այլ մասնակից՝ Նուարդ Մարգարեան կարեւոր նկատած է «Ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման մասին» օրէնքի ընդունումը, քանի որ անիկա պիտի բարձրացնէ ընտանիքի բոլոր անդամներու պաշտպանուածութեան մակարդակը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.