Թրքական Ընկերութիւն Մը Երեւանի Մէջ Շէնք Կը Կառուցէ


ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Թրքական շինարարական ընկերութիւնը Երեւանի մէջ բնակելի շէնք կը կառուցէ։ Այս մասին յայտարարած է Համաշխարհային դրամատան հետ համագործակցաբար Ափրիկէի մէջ շինարարական մեծ ծրագիրներ իրականացնող «Օզթիւրքլեր հոլտինկ»ի գործադիր խորհուրդի նախագահ Եուսուֆ Օզթիւրքը:
Թուրք գործարարը նշած է, որ հետագային կը նախատեսէ Հայաստանի շինարարական ոլորտին մէջ ընդլայնել իր գործունէութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Սապահ» պարբերականը:
«Ներկայ դրութեամբ Երեւանի մէջ սկսած են բնակելի շէնքի շինարարութիւն: Առաջին թուրքերն ենք, որ այստեղ կ՛աշխատին: Երկիրը փոքր է, բայց աներեւակայելի կարելիութիւններ կան: Կը փորձենք հիմնել հանրային բնակարանային կառավարման համակարգ: Ստացուած եկամուտը պիտի ներդնենք նախագիծին մէջ: Առաջին հանգրուանին համար նախատեսուած է 5000 տուն, բայց ընդհանուր առմամբ մօտ 300 հազար մարդ կը սպասէ մեր տուներուն», յայտնած է Եուսուֆ Օզթիւրքը:
«Փան Արմինիըն»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին քաղաքաշինութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ նման անունով որեւէ կազմակերպութիւն Երեւանի մէջ որեւէ ծրագիր չ՛իրականացներ: Սակայն վերջնական պատասխան խոստացած են տրամադրել աւելի ուշ՝ քաղաքապետարանի համապատասխան բաժինի հետ հարցը ճշդելէ ետք։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.