Հայամէտ Թուրք Մտաւորականները Մահուան Սպառնալիք Կը Ստանան


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ «Թարաֆ» թերթի հրապարակագիր Մուրատ Պելկէի ու «Ճումհուրիյէթ» թերթի թղթակից Այտըն Էնկինի դէմ մահուան սպառնալիք կատարուած է։
Ըստ «Թարաֆ» թերթին՝ «Թէ. 24» համացանցային լրատու կայքին հաղորդուած է, թէ մահափորձ պիտի կատարուի վերոյիշեալ երկու լրագրողներուն դէմ։ Սեպտեմբեր 29ի երեկոյեան, «Թէ. 24»ի շէնքի դրան տակէն ներս նետուած երկտողի մը մէջ գրուած էր հետեւեալը. «Մուրատ Պելկէի ու Այտըն Էնկինի մասին վճիռը տրուած է եւ այս մասին ճշդուած է նաեւ, թէ որո՛նք պարտականութիւն պիտի ստանձնեն։ Թուականը պիտի հաղորդուի աւելի ուշ։ Ես, որպէս հայրենասէր անձ, այս որոշումը սխալ կը գտնեմ։ Կը տեղեկացնեմ։ Պարտականութիւն ստանձնողներուն պիտի յանձնուին մաքուր գործիքներ»։
Պահարանին վրայ կապոյտ մելանով գրուած էր հետեւեալը. «Հայրենասէրի մը կողմէ մեծայարգ Այտըն Էնկինին»։
Մուրատ Պելկէ, որ նաեւ «Պիլկի» համալսարանի դասախօս է, այս մահափորձի լուրին կապակցութեամբ «Թարաֆ» թերթին յայտնած է, որ չի կարծեր, թէ այս սպառնալիքը կու գայ Աթաթիւրքեան շարժումի եւ պետական հարուածի կողմնակիցներէն կամ ազգայնամոլ շրջանակներէն։ «Ես «Կեզի» հանրապարտէզի դէպքերէն ի վեր կը գրեմ իշխանութիւնները քննադատող յօդուածներ. կ՛երեւի, թէ կ՛ուզեն մեզ վախցնել, մեր ձեռքը բռնել ու մեր գրելուն արգելք ըլլալ։ Այս պատճառով է, որ այսպիսի սպառնալիք մը կ՛ընեն»։
«Ճիհան» գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, թէ երկու լրագրողներն ալ վերջերս ստորագրած էին դասագիրքերը ետ հաւաքելու ու հայ աշակերտներէն ներողութիւն խնդրելու համար գրի առնուած հաղորդագրութիւն մը, բազմաթիւ այլ մտաւորականներու եւ հանրային գործիչներու հետ միասին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.