Տարածաշրջանին Մէջ Հայաստանի Մամուլը Ամէնէն Ազատն Է


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Լրագրողներ առանց սահմաններու» («Ռիփորթըրզ ուիտաութ պորտըրզ») կազմակերպութիւնը հրապարակած է մամուլի ազատութեան 2014 թուականի ցանկը: Հոն տեղ գտած տուեալներով՝ մամուլի ազատութեան իմաստով Հայաստան առաջատար է տարածաշրջանին մէջ:
Ըստ ցանկին՝ Հայաստան գրաւած է 78րդ հորիզոնականը՝ նահանջելով 4 դիրք, մինչդեռ Վրաստանը 84րդն է, իսկ Ատրպէյճանը՝ 160րդը: Թուրքիան գրաւած է 154րդ դիրքը, իսկ Ռուսիան՝ 148րդ:
Ամէնէն ազատ մամուլը ունեցող պետութիւններու տասնեակին մէջ են Ֆինլանտան, Հոլանտան, Նորվեկիան, Լիւքսեմպուրկը, Անտորան, Լիխթենշթէյնը, Դանիան, Իսլանտան, Նիւ Զելանտան եւ Շուէտը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.