Տինքի Այրին Տերսիմահայերուն Կոչ Կ՛ընէ Չվախնալու Իրենց Արմատներուն Վերադառնալէն


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Զուիցերիոյ Լօզան քաղաքին մէջ իրականացած է «Հայ Տերսիմ» խորագիրով Տերսիմի հայերու զօրակցութեան օր՝ Տերսիմի հայերուն նկատմամբ կիրառուած ցեղասպան քաղաքականութեան եւ անոնց ներկայ վիճակին վերաբերեալ:
Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» կայքին՝ ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են տերսիմահայերու ընկերութեան ներկայացուցիչներ Սթեֆան Ճեմ Հալաւուրթ եւ Ռոպեր Ռեչեփ Քայեան, որոնք նշած են, թէ Հրանդ Տինքի սեփական կեանքը արժած հաւատքն ու կեցուածքը մեծապէս ոգեշնչած են Տերսիմի հայերը:
Անոնք ուշադրութիւն հրաւիրած են այն փաստին վրայ, որ 1915 թուականէն առաջ եւ յետոյ տերսիմահայերու հետ տեղի ունեցածը իսկական ցեղասպանութիւն եղած է:

Կարեւոր համարելով տարածաշրջանին մէջ եկեղեցիներու, վանքերու եւ դպրոցներու վերանորոգման աշխատանքները՝ Հալաւուրթ յայտնած է, որ իրենց յառաջիկայ ծրագիրերուն մէջ կան կրօնական դասընթացքներ եւ Տերսիմի կեդրոնը եկեղեցիի մը կառուցում:
Ձեռնարկի մասնակիցներէն Յովսէփ Սէյրանի փաստած է, որ ցեղասպանութիւնը այսօր ալ կը շարունակուի տարբեր ձեւերով: Անոր համոզումով՝ անցեալէն մնացած հետքերու եւ մշակոյթի ոչնչացման ուղղուած ջանքերը եւս ցեղասպանութեան ուղեկցող գործողութիւններ են:
Իր խօսքով ներկաներուն դիմած է ձեռնարկին ներկայ Ռաքէլ Տինքը՝ Հրանդ Տինքի այրին, որ տերսիմահայերուն կոչ ուղղած է չվախնալու սեփական արմատներուն վերադառնալու գաղափարէն: «Միայն այդպիսով կարելի պիտի ըլլայ հասարակութեան նպաստել եւ իրականութեան հետ առերեսուիլ։ Մէկս միւսիս աւելի մտերմացնողը մեր ընդհանուր ցաւն է», ըսած է Ռաքէլ Տինք:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են երգչուհի Յասմիկ Յարութիւնեան եւ աշխարհահռչակ տուտուկահար æիւան Գասպարեան:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.