Արթուր Աբրահամ Պահեց Աշխարհի Ախոյեանի Իր Տիտղոսը
826
0
Գերմանիոյ Քիլ քաղաքի «Սփարքասեն» մարզական պալատին մէջ կայացաւ հայ բռնցքամարտիկ, WBO վարկածով աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամի եւ ախոյեանութեան յաւակնորդ բրիտանացի Փօլ Սմիթի մենամարտը:
12 «ռաունտ» մենամարտելէ ետք Արթուր Աբրահամ յաղթեց միաւորներու բացայայտ առաւելութեամբ (117:111, 117:111, 119:109)՝ տօնելով իր 41րդ յաղթանակը: