Տէրսիմահայութեան Զօրակցութեան Օր Զուիցերիոյ Մէջ


Հալուորի Ս. Կարապետ վանք, 1913

Նախաձեռնութեամբ Ժընեւի եւ Լեման շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին եւ համագործակցութեամբ «Ռուայալ» (ROYAL) հիմնադրամին ու Հայ Տէրսիմ կազմակերպութեան, տօնահանդէս մը պիտի կատարուի Շաբաթ, 27 Սեպտեմբերին, Ժընեւ եւ Լոզան քաղաքներու ճամբուն ընթացքին Ռընեն աւանին մէջ, մասնակցութեամբ հայրենիքէն, Սփիւռքէն նաեւ թրքահայ ու տէրսիմցի խումբ մը արուեստագէտներու եւ մտաւորականներու:
Գեղարուեստական յայտագիրին կը մասնակցին Ճիւան Գասպարեան եւ Յասմիկ Յարութիւնեան, ինչպէս նաեւ՝ Ահմետ Ասլան, Կիւլ Մայերա ու Ճեսթիա-Նեքաթի Թէյհանի:
Ազգագրական աւանդը պիտի ներկայացուի երեսուն հոգիներէ բաղկացած «Արաքս Սասուն» համոյթին կողմէ, դհոլի, զուռնայի եւ քլարինեթի մենակատարներու այլ ելոյթներով:
Որպէս բանախօս հրաւիրուած են Մազկերտի քաղաքապետ Թեքին Թուրքել, Օւաճըքի քաղաքապետ Ֆաթիհ Մաչօղլու ու IDHF կազմակերպութեան ներկայացուցիչը:
Ասմունքով իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մեհմետ Չեթին:
Պիտի կատարուի բազմաձայն զրոյց, մասնակցութեամբ նահատակ Հրանդ Տինքի այրիին՝ Ռաքէլ Տինքի, «Ակօս»ի խմբագրական կազմէն Սարգիս Սերոբեանի, Յովսէփ Հայրենիի, Այշէ Հուրրի եւ Էրտալ Տողանի:
Կը նախատեսուի շուրջ հազար հանդիսատեսներու ներկայութիւնը, յայտագիրի գործադրութեան ընթացքին պիտի ցուցադրուի Տէրսիմի շրջանին մէջ գտնուող Հալուորի Ս. Կարապետ վանքի վերակառուցման ծրագիրի տեսաերիզը։ Այդ պատմական վանքի աւերակները մինչեւ այսօր սրբատեղի-ուխտավայր են նոյնիսկ շրջանի այլ կրօնքներու, յատկապէս ալեւիներու մօտ:
Ձեռնարկի նպատակն է զօրակցիլ մեր պատմական հողերուն վրայ ապրող տէրսիմահայերուն, որոնք դար մը առաջ իրենց ինքնութեան կորուստի դառն ճակատագիրին ենթարկուած են, եւ այսօր գիտակցելով այդ եղելութեան, կը ջանան վերադառնալ իրենց արմատներուն:
Ուշագրաւ երեւոյթ է նաեւ այդ բնօրրանին վրայ ապրող այլ ցեղերու դրական վերաբերմունքը տէրսիմահայութեան նկատմամբ, աջակցելով անոր այս մեծ երազին՝ ինքնութեան դարձին:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.