Քոնկրեսականներ Կը Դատապարտեն Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ականահարումը


ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու մասունքները ամփոփող Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը՝ իսլամ ծայրայեղականներու «Իսլամական պետութիւն» կոչուող կազմակերպութեան կողմէ, խստօրէն դատապարտած են քոնկրեսականներ Ֆրենք Փալոն, Ճիմ Քոսթա, Էտըմ Շիֆ եւ Սենտի Լեւին։
Ներկայացուցիչներու տան անդամ Ֆրենք Փալոն յայտարարած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակը յաւերժացնող այս եկեղեցիին քանդումը պէտք է արժանանայ միջազգային հանրութեան խիստ արձագանգին: «Խորապէս վշտացած եմ Տէր Զօրի Հայկական Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած եկեղեցւոյ քանդումով: Այս եկեղեցին շինուած է ոգեկոչելու եւ յարգելու դէպի Տէր Զօր աքսորի ընթացքին զոհուած հարիւր հազարաւոր հայերու յիշատակը: 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան ընթացքին, օսմանեան թուրքերու հրամանով հայ գաղթականները քշուած են դէպի Տէր Զօր՝ հոն ոչնչացուելու համար», յայտարարած է Փալոն, աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը եւ անոր գործընկերները պէտք է միասնաբար աշխատին, պաշտպանելու համար Մերձաւոր Արեւելքի կրօնական փոքրամասնութիւնները՝ երաշխաւորելով, որ քրիստոնեայ հայերը դարձեալ նման չարաբաստիկ գործողութիւններու թիրախ չեն դառնար:
«Մինչ կը մօտենայ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակը, մենք պէտք է յիշենք մեր պարտքը՝ կանխելու նպատակաուղղուած գործողութիւնները աշխարհի բոլոր հայերուն դէմ», եզրակացուցած է Փալոն:
Քոնկրեսական Քոսթա «Թուիթըր»ի վրայ նշած է. «Խստօրէն կը դատապարտեմ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի պղծումը Սուրիոյ մէջ»:
Քոնկրեսական Շիֆ, իր կարգին յայտարարած է, որ Տէր Զօրի հայկական եկեղեցւոյ ականահարումը օրինակ մըն է Իրաքի եւ Սուրիոյ միլիոնաւոր բնակիչները ահաբեկող բարբարոսութեանց: «Պէտք է աջակցինք միջազգային դաշինքին, որ ներկայիս կը պայքարի, որպէսզի Սուրիոյ եւ Իրաքի ժողովրդները ձերբազատին այս քաղցկեղէն», ըսած է ան:
Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին պայթեցնելու քայլը «Թուիթըր»ի վրայ խստօրէն դատապարտած է նաեւ քոնկրեսական Սենտի Լեւինը:
Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան յայտարարած է, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին տեղի ունեղած «անհանդուրժողութեան այս թունաւոր արարքին մէջ» Թուրքիոյ մեղսակցութիւնը յստակ է։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.