Ճատրակ. Արի Քիրեմիճեան` Եւրոպայի Ախոյեան
830
0
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am, իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ կը յայտնէ, որ 21 տարեկան Արի Քիրեմիճեան (Թուրքիա) Յունաստանի Էլեթրիա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ոչ արհեստավարժ ճատրակի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերելով եւ առաւելագոյն 9 կէտէն 8 կէտ ապահովելով հանդիսացած է Եւրոպայի ախոյեան: