Բակօ Սահակեան Յետ Մահու Պարգեւատրեց Նահատակուած Զինուորը


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան, տեղամասի մարտական յենակէ-տին մէջ 18 Սեպտեմբերին, ժամը 09:15ի շուրջ հակառակորդին կողմէ արձակուած կրակոցէն մահացու վէրքեր ստացած եւ մահացած է զինուորական ծառայող, 1990ի ծնունդ Մհեր Յովհաննէսի Յակոբեանը:
Նախագահ Բակօ Սահակեան նոյն օրը ստորագրած է հրամանագիր, որուն համաձայն՝ «Լեռնային Ղարաբաղի պետական սահմանը պաշտպանելիս ցուցաբերած արիութեան համար, Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի աւագ լէյտենանտ Մհեր Յակոբեանը յետ մահու պարգեւատրուել է «Մարտական ծառայութիւն» մեդալով»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.