Աշոտ Ադամեան՝ Բազկամարտի Աշխարհի Ախոյեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Վիլնիւսի մէջ տեղի ունեցող բազկամարտի աշխարհի 36րդ ախոյեանութեան խաղերուն Հայաստանի ներկայացուցիչ 60 քիլոկրամ ծանրութեան Աշոտ Ադամեանը դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Ախոյեանութեան առաջին օրը իրարու դէմ մրցեցան մինչեւ 21 տարեկանները, որոնք պայքարած են ձախ ձեռքով: Հայաստանի ներկայացուցիչ Աշոտ Ադամեան, յաղթելով իր բոլոր մրցակիցներուն, որոնց կարգին՝ եզրափակիչ հանգրուանին Ատրպէյճանի մրցակիցին՝ Վիսմաթ Վեքիլովին, կրկին կրցած է ախոյեանութեան տիրանալ: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած է բազկամարտի դաշնակցութիւնը:
Աջ ձեռքով պայքարը պիտի շարունակեն Վրէժ Սեդրակեանը, Հայկ Աղամալեանը, Արմէն Չափուրեանը, ինչպէս նաեւ Աշոտ Ադամեանը, Դաւիթ Ներսիսեանը եւ Դերենիկ Ստեփանեանը:
Աշոտ Ադամեան աշխարհի ախոյեան դարձած էր նաեւ նախորդ տարի Լեհաստանի մէջ կայացած ախոյեանութեան մրցումներուն։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.