Աղուան Վարդանեան Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Քննարկումներուն Ընթացքին Կը Բանայ Փակագիծերը


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան կողմէ Երեքշաբթի օր հրաւիրուած‘ «Սահմանադրական փոփոխութիւններ. թեր եւ դէմ» թեմայով խորհրդաժողովին, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, խօսելով սահմանադրական փոփոխութիւններուն մասին, վերահաստատած է ՀՅԴ խմբակցութեան՝ տարիներ շարունակ յայտարարած այն դիրքորոշումը, որ ներկայ կառավարման համակարգը չի նպաստեր երկրի զարգացման: Ըստ Վարդանեանի՝ Հայաստանի մէջ այսօր միայն անունով ունինք կիսանախագահական համակարգ, իսկ իրականութեան մէջ ունինք գերնախագահական համակարգ, ուր չափազանց կեդրոնացուած է իշխանութիւնը եւ ուր քաղաքական մեծամասնութիւնը եւ նախագահը նոյն կուսակցութեան ներկայացուցիչներ են: Ինչ կը վերաբերի միւս տարբերակին, երբ նախագահը մեծամասնութեան ճամբարէն չէ, ապա ամբողջ աշխարհի մէջ յայտնի է, որ նման պարագային ինչ դժուարութիւններու կը մատնուի երկիրը:
«Պատկերացրէք այսօր հանրապետութեան նախագահը լինէր պարոն Րաֆֆի Յովհաննիսեանը, մէկ շաբաթ յետոյ երկիրը գնալու էր բոլորովին այլ տեղ», յայտնած է Աղուան Վարդանեան:
Ի պատասխան փաստարկին, թէ այս իշխանութիւնները շատ վատն են, վստահութիւն չեն վայելեր եւ իրաւունք չունին բարեփոխումներ ընելու, Աղուան Վարդանեան կարծիք յայտնեց, որ այս կիսանախագահական համակարգը առաւելագոյնս յարմարեցուած է իշխանութեան վերարտադրման համար:
Ըստ դաշնակցական պատգամաւորին՝ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն համամասնական ձայներու 75 տոկոսէն աւելին վերցուցած էին երկու քաղաքական ուժեր, որոնք օգտագործած էին վարչական լակները, ուրեմն՝ «ո՞վ է տալու այդ երաշխիքը, որ այս ընտրութիւնների պարագայում, այս համակարգի պարագայում իշխանութիւնները չեն վերարտադրուելու»:
«Եթէ դու համարում ես, որ այս իշխանութիւններն այնքան վատն են, որ նրանց որեւէ բան պէտք չէ թոյլ տալ, ուրեմն յայտարարում ես՝ թշնամի ու վերաբերւում ես թշնամու պէս, այսինքն՝ ոչնչացնում ես: Կա՞յ նման մտադրութիւն, եկէք՝ բացայայտ խօսենք: Որ՞ն է նպատակը՝ 18 թուականի ընտրութիւնները՞, թէ՞ այլ բան կայ, բաց խօսենք», յայտնեց Վարդանեան, որուն համոզմամբ Դաշնակցութեան առաջարկած սահմանադրական փոփոխութիւններու տարբերակը պիտի նուազեցնէ իշխանութեան վերարտադրման հնարաւորութիւնը:
Անդրադառնալով սահմանադրական փոփոխութիւնները մերժող ուժերու եւս մէկ փաստարկին, որ թող հասարակութիւնը որոշէ, թող ժողովուրդը որոշէ, Աղուան Վարդանեան հակադարձած է ըսելով. «Յարգելի՛ գործընկերներ, քաղաքական որոշումները կայացնում են քաղաքական ուժերը, քաղաքական կուսակցութիւնների ղեկավարները, եւ պէտք չէ թաքնուել հասարակութեան կամ ժողովրդի անուան տակ: Կամ պէտք է հասարակութեանը յստակ ասել մեր նպատակների մասին, կամ պէտք է ասել, որ մենք հերթական անգամ մանիպուլեացիայի (խարդա-խութեան-Խմբ.) ենք ենթարկելու հասարակութեանը: Սահմանադրական բարեփոխումները հնարաւոր է անել այնպէս, որ երկիրը իսկապէս շնչի, իսկ դրա համար անհրաժեշտ է, որ քաղաքական ուժերը հնարաւորինս սերտ աշխատեն, ստեղծեն իրենց միասնական փաթեթը եւ դնեն իշխանութիւնների առաջ: Կ՛անենք սա, ուրեմն կը պարտադրենք իշխանութիւններին գնալ փոփոխութիւնների, չենք անի, իշխանութիւնը լաւ էլ կը վերատադրուի, եւ դա կը լինի մեր աջակցութիւնը այս վատ իշխանութիւններին»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.