Քաշաթաղի Մէջ 150 Բնակարան՝ 100 Սփիւռքահայերու Ֆինանսաւորումով


ԵՐԵՒԱՆ.- Արցախի մէջ բարեգործական ներդրումներ իրականացնող Լիբանանի ARI (Artsakh Roots Investment) կազմակերպութեան խորհուրդի անդամները եւ խումբ մը հայ գործարարներ, ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի հետ միասին, Սեպտեմբեր 14ին այցելած են Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյի համայնքը: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրէս»ը:
ARI-ի, ԼՂՀ կառավարութեան եւ Արցախի Ներդրումային հիմնադրամին միջեւ կնքուած եռակողմանի պայմանագիրին համաձայն՝ այդտեղ կը կառուցուի 150 բնակարանէ բաղկացած բնակելի թաղամաս մը՝ իր ենթակառուցուածքներով:
ԼՂՀ վարչապետը եւ կազմակերպութեան խորհուրդի անդամները տեղւոյն վրայ ծանօթացած են բնակելի թաղամասին մէջ շինարարական աշխատանքներու ընթացքին, որմէ ետք հանդիպում ունեցած են Աղաւնոյի բնակիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին վարչապետ Արա Յարութիւնեան, կազմակերուպութեան անդամներն ու Աղաւնոյի բնակիչները շնորհաւորելով ծրագիրին յաջող ընթացքին համար՝ գոհունակութեամբ նշած է, որ աւելի քան եօթը տարի է, լիբանանահայերու բարեգործական կազմակերպութիւնը ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Քաշաթաղի շրջանին մէջ: Վարչապետը ընդգծած է, որ ARI-ի ներդրումներուն միջոցով ստացուած արտօնեալ երկարաժամկէտ վարկերը, Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններէն տասնեակ ընտանիքներու հնարաւորութիւն ընձեռած են ձեռք բերելու ապրուստի միջոցներ, իսկ յետագային նախատեսուող տնտեսական ներդրումները շատ ընտանիքներու համար իբրեւ մշտական եկամուտի աղբիւր պիտի ծառայեն:
Կառավարութեան ղեկավարը տեղեկացուցած է, որ վերաբնակեցուող շրջաններուն մէջ բնակարանաշինութեան գործընթացը շարունակական է: Ներկայիս ընթացքի մէջ են Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձորի համայնքին մէջ սուրիահայ ընտանիքներու համար նախատեսուող 28 բնակարաններու կառուցման աշխատանքները: Շարունակական պիտի ըլլայ նաեւ շինանիւթերու տրամադրումը՝ բնակարաններու վերանորոգման եւ կենցաղային պայմաններու բարելաւման նպատակով, որուն համար այս տարի տրամադրուած է շուրջ 250 միլիոն դրամ: Հասարակական-տնտեսական ոլորտներու մէջ կատարուող եւ նախատեսուող շարունակական ներդրումները, վարչապետին խօսքով, շրջանին պիտի տան կայուն քայլերով զարգանալու հնարաւորութիւն:
ARI ընկերութեան խորհուրդի նախագահ Սուրէն Սարգսեան, իր կարգին նշած է, որ իրենց ներդրումները նպատակ կը հետապնդեն հնարաւորինս նպաստելու Քաշաթաղի եւ Շահումեանի շրջաններու վերաբնակեցման գործընթացին:
Հանդէս գալով հանդիպման ընթացքին՝ Աղաւնոյի համայնքի ղեկավար Միասնիկ Մաթեւոսեան կարեւոր համարած է ARI կազմակերպութեան աջակցութիւնը՝ բնակիչներու հասարակական-կենցաղային պայմաններու բարելաւման գործին մէջ:
Նշենք, որ Աղաւնոյի մէջ նախատեսուած բնակելի թաղամասի 50 տան շինարարութիւնը արդէն ընթացքի մէջ է, ի դէպ՝ 30ին կառուցման աշխատանքը կը գտնուի աւարտական փուլի մէջ. անոնք պիտի տրամադրուին համայնքի կարիքաւոր եւ բազմազաւակ ընտանիքներուն: Բնակավայրին մէջ բարեկեցիկ կեանքի եւ աշխատանքի առիթներու ապահովման համար, պիտի կառուցուին նաեւ ջերմոց, գիւղական մթերքներու ընդունման կէտէր, մանկապարտէզ, գիւղապետարան, ձկնաբուծարան եւ խաղահրապարակներ:
Խօսելով Աղաւնոյի համայնքին մէջ իրականացուող շինարարական աշխատանքներու ընթացքին մասին՝ քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան յայտնած է, որ ծրագիրի իրականացման առաջին փուլին, նախատեսուած է կառուցել 50 տուն, որուն 25ը մէկ յարկանի՝ երկու ննջասենեակով, իսկ մնացածը երկու յարկանի՝ երեք ննջասենեակով: Շինարարական աշխատանքներուն ներգրաւուած են տասը կապալառու կազմակերպութիւններ՝ շուրջ 100 շինարարներով: Նախարարին համաձայն՝ առաջին փուլին կառուցուող տուներու պայմանագրային արժէքը կը կազմէ 1 միլիառ 111 միլիոն դրամ, որուն 924 միլիոնի ներդրումը պիտի կատարէ ARI կազմակերպութիւնը, իսկ մնացած մասը՝ ԼՂՀ կառավարութիւնը: Նաեւ, ընդհանուր բարեկարգման եւ ենթակառուցուածքներու կառուցման աշխատանքներուն համար պահանջուող շուրջ 500 միլիոն դրամ գումարը եւս պիտի յատկացուի ԼՂՀ կառավարութեան կողմէ:
Այնուհետեւ, լիբանանահայ գործարարներու խումբը ուղեւորուած է Քաշաթաղի շրջանի Կովսական համայնք, ուր ARI կազմակերպութեան բարեգործական ծրագիրով նախատեսուած կովերու գլխաքանակը տրամադրուած է երեք եւ աւելի անչափահաս երեխաներ ունեցող 150 ընտանիքի:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.