Դիլիջանի Միջազգային Դպրոց Ընդունուած Է 97 Աշակերտ՝ 57 Երկիրներէ


«Եունայթըտ ուըրլտ քոլիկ» (Աշխարհի միացեալ քոլեջներ) ցանցի անդամ Դիլիջանի միջազգային դպրոցը այս տարի արդէն ընդունած է 50 երկիրներէ 97 աշակերտներ, որոնցմէ տասը՝ Հայաստանէն: Միեւնոյն ժամանակ Հայաստանէն 11 աշակերտ գացած է ուսանելու «Ունայթըտ ուըրլտ քոլիկ»ի այլ քոլեճներու մէջ։
«Եունայթըտ ուըրլտ քոլիկ»ի Հայաստան ազգային կոմիտէն կ՛ակնկալէ 2015ին ցանցի տարբեր քոլեճներու մէջ ստանալ 20 դիմումի առիթ: «Եունայթըտ ուըրլտ քոլիկ»ի ցանցի ընդունելութեան մասնակցելու համար անհարժեշտ է այցելել այս կայքը եւ ամբողջացնել դիմումը www.am.uwc.org։
Սեպտեմբեր 8ին պաշտօնապէս մեկնարկած է քոլեճի ցանցի 14 դպրոցներ եւ քոլեջներ 2015-2017 ուսումնական տարիներու դիմումներու ընդունումը: Դիմումներու ընդունման վերջնական ժամկէտը 11 Դեկտեմբերի 2014ն է։
«Եունայթըտ ուըրլտ քոլիկ» ցանցի կրթական ծրագիրը 16-18 տարեկաններու համար նախատեսուած նախահամալսարանական երկամեայ Միջազգային պսակաւոր արուեստից ու գիտութեան ծրագիր է: Անիկա կը դասաւանդուի անգլերէնով՝ տարբեր երկիրներէ մասնագէտ դասախօսական կազմի կողմէ: «Եունայթըտ ուըրլտ քոլիկ»ի քոլեճներ կ՛ընդունուին ընկերային ու տնտեսական հարցեր ունեցող աշխոյժ եւ շնորհալի երիտասարդներ: Կայ կրթաթոշակային լայն համակարգ, որ առիթ կու տայ «Եունայթըտ ուըրլտ քոլիկ» ցանցին մէջ կրթութիւն ստանալ՝ անկախ ծնողներու ֆինանսական կարողութենէն։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.